Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջկուսակցական Հանդիպում

Սեպտեմբեր 27, 2025
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու հանդիպումը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 27 սեպտեմբերին, «Թէքէեան» կեդրոնին մէջ։

Ժողովականները նախ քննարկեցին շրջանային խնդիրները, ստեղծուած թէժ իրավիճակները, յատկապէս Կազայի ժողովուրդին նկատմամբ կիրարկուած ցեղասպանական քաղաքականութիւնը, ընդգծելով, որ նման վարքագիծ չի կրնար առաջնորդել իսկական խաղաղութեան։

Անդրադառնալով Իսրայէլի վարչապետին Հայոց ցեղասպանութեան մասին կատարած հաստատումներուն՝ ժողովը նկատեց, որ ցեղասպանութեան թեման կը շահագործուի յատկապէս Անգարայի հետ լարուած յարաբերութիւններու ընթացքին, եւ ճանաչումը չի մեկնիր  արդարութեան ու ճշմարտացիութեան սկզբունքներէն։

Կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները քննարկեցին նաեւ տարածաշրջանի իրադարձութիւններուն հաւանական հետեւանքները Լիբանանի վրայ՝ նկատելով ընդհանուր միտում Իսրայէլ-Լիբանան յարաբերութիւններու հաստատման առաջնորդող։ Ժողովը անհրաժեշտ նկատեց քննարկումներ ունենալ գալիք հաւանական իրավիճակներու լոյսին տակ՝ լիբանանահայ համայնքի քաղաքական եւ հասարակական կեանքին ուղղութեամբ։

Հայ քաղաքական կուսակցութիւնները ընդգծեցին, որ  համալիբանանեան ակնկալուած համախոհութեան չեն նպաստեր լարուածութիւն եւ գրգռութիւն յառաջացնող յայտարարութիւններն ու քայլերը։

Ժողովի օրակարգին մաս կը կազմէին  յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւնները։ Հաստատուեցաւ, որ գործող օրէնքը չի նպաստեր համայնքներու իրողական ներկայացուցիչները խորհրդարան հասցնելու առաջադրանքի իրականացման։ Ժողովականները հաստատեցին, որ հրամայական է համայնքի իրողական ներկայացուցչութեան ապահովումը ինչպէս խորհրդարանական ընտրութիւններուն, այնպէս նաեւ պետական կառոյցներու մէջ կատարուող նշանակումներուն։

Հայ քաղաքական կուսակցութիւնները քննարկեցին նաեւ համահայկական օրակարգեր։ Դատապարտելով Պաքուի իշխանութիւնները, որոնք ապօրինաբար կը շարունակեն բանտարկուած պահել հայ  ռազմագերիներն ու պատանդները, ժողովականները յատուկ կերպով անդրադարձան անոնց շարքին գտնուող եւ հացադուլի դիմած Վիգէն Էօլճէքեանի պարագային։

Ժողովը որոշեց հերթական դրութեամբ շարունակել գումարել միջկուսակցական նիստերը։

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Հիւրընկալեց Քուէթահայ Բարերար Կիրակոս Գույումճեանը

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան.  Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս
Գաղութային

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?