Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի նիստի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Լիբանանեան կառավարութիւնը կը հրաւիրեմ Իսրայէլի հետ ուղղակի բանակցութիւններու»:
«Լիբանանի հետ խաղաղութիւնը կարելի պիտի ըլլայ, եթէ կառավարութիւնը շարունակէ Հըզպալլայի զինաթափման ուղղութեամբ աշխատանքը», պնդեց ան:
«Մեր նպատակը միայն Հըզպալլայի գործունէութեան հսկողութիւնը չէ, այլ անոր զինադադարը խախտել արգիլելը», ըսաւ Նեթանիահու` աւելցնելով. «Եթէ լիբանանեան կառավարութիւնը յաջողի Հըզպալլան զինաթափել, ապա մեր եւ Լիբանանի միջեւ խաղաղութիւն պիտի տիրէ»:
«Սուրիական նոր կառավարութեան հետ բանակցութիւններու սկսանք, եւ ես կը անոր հետ խաղաղութեան համաձայնութեան կնքման կարելիութեան կը հաւատամ», յայտնեց Իսրայէլի վարչապետը:
Յայտնենք, որ նախքան Նեթանիահուի խօսք առնելը, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին մասնակցող դիւանագիտական բազմաթիւ պատուիրակութիւններ լքեցին ժողովասրահը` իբրեւ բողոքի արտայայտութիւն Կազայի մէջ տեղի ունեցող ցեղասպանական արարքներուն դէմ: Նեթանիահու իր խօսքը արտասանեց գրեթէ ամբողջութեամբ դատարկ ժողովասրահի մէջ: