Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սալամ. «Այն, Ինչ Որ Ռաուշէի Մէջ Տեղի Ունեցաւ, Խախտում Է. Առնչակից Նախարարներէն Պահանջեցի Արարքին Հեղինակները Կալանաւորել Եւ Հարցաքննութեան Փոխանցել»

Սեպտեմբեր 27, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ հինգշաբթի երեկոյեան յայտնեց. «Այն, ինչ որ այսօր Ռաուշէի շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ, յստակ խախտում է  Պէյրութի քաղաքի նահանգապետին կողմէ կազմակերպիչներուն տուած հաւանութեան բովանդակութեան, որուն հիմամբ հաւաք կատարելու արտօնութիւն տրուեցաւ. հոն յստակօրէն նշուեցաւ` Ռաուշէի ժայռը ցամաքէն ծովէն կամ օդէն բացարձակապէս չլուսաւորել, եւ անոր վրայ որեւէ նկար չսփռել»:

«Ուստի կապ հաստատեցի ներքին, արդարադատութեան եւ պաշտպանութեան նախարարներուն հետ եւ անոնցմէ պահանջեցի որդեգրել պատշաճ քայլերը, ներառեալ արարքի հեղինակները կալանաւորել եւ հաշուետուութեան փոխանցել, որպէսզի իրենց պատիժը ստանան, առ ի գործադրութիւն կիրարկուող օրէնքներու», նշեց վարչպետը:

Սալամ շեշտեց. «Պէտք չկայ ըսելու, թէ ասիկա կը հակասէ կազմակերպիչ կողմին եւ անոր աջակիցներուն տուած յստակ յանձնառութիւններուն, եւ կը ներկայացնէ անոնց սայթաքումը, որ ժխտական անդրադարձ կ՛ունենայ պետութեան եւ անոր հաստատութիւններու տրամաբանութեան հիմամբ գործելու վերաբերեալ անոնց հաւաստիութեան վրայ»:

«Այս դատապարտելի վարմունքը մեզ ետ պիտի չկանգնեցնէ օրէնքի եւ հաստատութիւններու պետութիւն վերակառուցելու որոշումէն, այլ մեզ աւելի վճռական կը դարձնէ այդ ազգային պարտականութիւնը իրագործելու», ըսաւ ան:

Լիբանանեան աղբիւրներ «Սքայ Նիուզ»-ին յայտնեցին. «Ընդհանուր դատախազութիւնը ապահովական մարմիններէն պահանջեց խախտումներ գործած եւ Պէյրութի մէջ Ռաուշէի ժայռը լուսաւորած անձերը բերման ենթարկել»:

«Մարքազիա» իր կարգին հաղորդեց, որ ընդհանուր դատախազութիւնը ապահովական ուժերէն պահանջած է բերման ենթարկել Ռաուշէի ժայռի ապօրինի լուսաւորման մեղսակիցները:

Արդարադատութեան նախարար Ատել Նասսար երէկ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին հաստատեց լուրը` նշելով. «Ընդհանուր դատախազութիւնը ապահովական մարմիններուն հետ գործի լծուեցաւ Ռաուշէի ժայռի հաւաքին մէջ խախտում արձանագրողները ճշդելու` քաղաքական բոլոր նկատառումներէն հեռու»:

«Օրէնքը առանց խտրութեան բոլորին վրայ կը կիրարկուի», շեշտեց նախարարը:

 

Նախորդը

Շէյխ Քապալան. «Սէյիտ Հասանի Լուսանկարը Ո՛չ Ամօթ Է, Ո՛չ Ալ Վիրաւորանք, Այլ Լիբանանի Համար Հպարտութեան Ու Փառքի Աղբիւր Է»

Յաջորդը

Նեթանիահու. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Կը Հրաւիրեմ Իսրայէլի Հետ Ուղղակի Բանակցութիւններու»

RelatedPosts

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ  Լայնածաւալ Ռազմափորձեր
Լիբանանեան

Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ Լայնածաւալ Ռազմափորձեր

Հոկտեմբեր 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?