Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան յայտնեց. «Ներկայ պահը Լիբանանի պաշտպանութեան է, անոր ազգային գոյութեան ու գերիշխանական կարողութեան երաշխաւորման պահն է: Կարելի չէ ընդունիլ ի վնաս այդ գերիշխանութեան եղող որեւէ գործարք: Իսրայէլի հետ խաղաղութիւնը բացառուած է: (…) Առանց Դիմադրութեան չկայ հայրենիք, առանց Դիմադրութեան չկայ ազգային արժանապատուութիւն եւ առանց Դիմադրութեան չկայ Լիբանանի գերիշխանութիւն»:
«Դիմադրութիւնը քաղաքական ընտրանք չէ, այլ աստուածային ու ազգային պարտաւորութիւն, եւ անոր զէնքն ու ազգային արժանապատուութիւնը անբաժանելի են: Այս հողը միայն անոնցմով կ՛ապրի: Առանց զանոնք պաշտպանող այս ազնուականներուն չկայ ազգային ազատութիւն: Ազգային միասնականութիւնը մեր առաջին զէնքն է, իսկ բռնագրաւումը խօսքով չի վերանար, մասնաւորաբար իսրայէլեան բռնագրաւումը, որ մինչեւ հիմա համաշխարհային մակարդակով չճանչցաւ միջազգային կանոնադրութիւնները եւ միջազգային որոշումները: Արժանի չենք այն հայրենիքին, որ մեր արիւնով չենք պաշտպաներ», ըսաւ ան:
«Մեր ուշադրութիւնը շրջանի տարակարծութիւններու լուծման արաբական-իսլամական նախաձեռնութեան վրայ է: Պէտք է դիմակայել իսրայէլեան ահաբեկչական ծրագիրը, որ ոչ ոքի կարեւորութիւն կ՛ընծայէ, առանց ատոր Միջին Արեւելքի բոլոր երկիրներուն մէջ անվտանգութիւն ու ապահովութիւն չկայ, որովհետեւ Իսրայէլը շրջանի պետութիւններուն համար գոյութենական վտանգ է, եւ պէտք է վերջ տալ անոր բռնապետութեան: Սէուտական Արաբիոյ անվտանգութիւնը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան անվտանգութեան կապուած է, Իրաքի անվտանգութիւնը` Սուրիոյ անվտանգութեան, Թուրքիոյ անվտանգութիւնը` Եգիպտոսի եւ Լիբանանի անվտանգութեան: Ժամանակն է արաբական-իսլամական յարաբերութիւններուն մէջ տեսակարար ոստում մը կատարելու` շրջանը աւերումի միջազգային ծրագիրներու եւ իսրայէլեան ահաբեկչութեան վտանգէն պաշտպանելու համար», յայտնեց շէյխ Քապալան:
Անդրադառնալով Ռաուշէի ժայռին վրայ սէյիտ Հասան Նասրալլայի լուսանկարի լուսարձակման` Ժաաֆարականներու միւֆթին նշեց. «Աստուած ողորմի վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիին, որ Լիբանանի բեռը իր ուսերուն վրայ կրեց, եւ բոլոր լիբանանցիներուն հոգատար հայր էր: Համայնքներու եւ շրջաններու միջեւ խտրութիւն չդրաւ, եւ այս է, որ վարչապետ Նաուաֆ Սալամէն կ՛ուզենք` բոլորին հայր ըլլալ, նկատի ունենալ մարդոց ցաւը եւ այս հայրենիքին համար կատարած զոհաբերութիւնները: Սէյիտ Հասանի լուսանկարը ո՛չ ամօթ է, ո՛չ ալ վիրաւորանք, այլ` հպարտութեան ու փառքի աղբիւր: Շնորհիւ անոր դիմադրութեան ու նահատակութեան է, որ Պէյրութն ու Լիբանանը մնացին»: