. ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իրանի դեսպանատունը յայտարարեց, թէ Իրանի Ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիժանի այսօր պաշտօնական այցելութեամբ պիտի ժամանէ Պէյրութ` մասնակցելու սէյիտ Հասան Նասրալլայի եւ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի նահատակութեան միամեակի ոգեկոչման, ինչպէս նաեւ լիբանանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ հանդիպումներ ունենալու:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթը կը գրէ, թէ քաղաքական ու տեղեկատուական աղբիւրներ շրջանառութեան մէջ դրած են ոչ հաստատ տեղեկութիւն մը, որուն համաձայն, «Սի.Այ.Էյ.»-ի նախկին տնօրէն, զօր. Տէյվիտ Փեթրէուս կրնայ փոխան Թամըս Պարրաքի ստանձնել լիբանանեան թղթածրարով զբաղելու պարտականութիւնը, սակայն այդ լուրերը տակաւին սպրդումներու ծիրին մէջ են:
. «ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի իր հանդիպում ունեցած անձերուն կը յայտնէ, թէ Մուսթաքպալ հոսանքը խորհրդարանական ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի, սակայն իր կազմելիք անկախ ընտրացանկերով, եւ պիտի չդաշնակցի քաղաքական որեւէ կողմի հետ` անիկա դաշնակից ըլլայ կամ ոչ:
. ԹՐԻՓՈԼԻԷՆ երեսփոխանական աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին յայտնած է. «Հոսկէ հոնկէ խօսքեր կը լսենք, թէ խորհրդարանական ընտրութիւնները ուղղակի կամ անուղղակի կերպով կապուած են Լիբանանի դիմագրաւած պայմաններուն: Անոնք սեղանի վրայ գտնուող թեզեր են, եւ քաղաքական ցուցանիշերը այսօր մտածել կու տան, որ անոնց կայացումը դժուար է»:
. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Իշխանութեան երեք պետերուն միջեւ գործակցութիւնն ու խորհրդակցութիւնը, հակառակ մերթ ընդ մերթ երեւան եկող պաղ յարաբերութիւններուն, կը նպաստէ սահմանադրութեան հիմամբ շարք մը խնդիրներ լուծելու եւ երկրին անցած զգայուն փուլին մէջ պառակտումէն խուսափելու»:
. 95 օքթան պենզինին գինը նուազեցաւ 5000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.490.000 լ.ո.-ի, 98 օքթանինը` 4000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.530.000 լ.ո.-ի, իսկ մազութինը` 1000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.374.000 լ.ո.-ի: Պիւթակազին գինը մնաց անփոփոխ` 1.068.000 լ.ո.: