Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի կողմէ կազմակերպուած Թրանսատլանտեան ընթրիքի շրջանակներուն մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ կարճատեւ եռակողմ շփումներ ունեցած են, այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի. «Հայաստան բարձր կը գնահատէ Միացեալ Նահանգներու շարունակական աշխուժ ներգրաւուածութիւնը արդէն իսկ հաստատուած խաղաղութեան եւ ատոր հետագայ ամրապնդման գործին մէջ»:
Այլ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուիր: