Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆ յայտնած է, թէ ինք Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի եւ Թրքական գաղտնի սպասարկութեան` ՄԻԹ-ի ղեկավար Իպրահիմ Քալընի հետ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի վերաբերեալ կարծիքներու փոխանակում կը կատարէ:
«Ես կը հեռաձայնեմ Թոմին (Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թամըս Պարրաքին, «Ա.») եւ կը հարցնեմ, թէ Իպրահիմը (Քալընը) այս հարցին վերաբերեալ ի՞նչ տեսակէտներ ունի: Ես կրնամ ձեզի բազմաթիւ նմանատիպ օրինակներ նշել», ըսած է Ուիթքոֆ: