Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուպիօ. «Յանձնառու Ենք Իր Բազմազանութիւնը Յարգող, Իրանի Եւ Հըզպալլայի Ազդեցութենէն Ազատ Լիբանանեան Հզօր Պետութեան Մը Գոյութեան Երաշխաւորման»

Սեպտեմբեր 26, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներուն հետ ժողովի ընթացքին յայտնեց. «Լաւապէս կը գիտակցինք, թէ Կազայի մէջ կացութիւնը, Իսրայէլի եւ Կազայի միջեւ կացութիւնը այստեղ գտնուող բոլորին համար գլխաւոր մտահոգութիւն է: Մենք կ՛ուզենք, որ այս տագնապը վերջ գտնէ: Կ՛ուզենք, որ անմիջապէս վերջ գտնէ, ինչպէս Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ ըսաւ. կ՛ուզենք, որ վերջ գտնէ ազատ արձակումովը բոլոր գերիներուն` անոնք ողջ ըլլան, թէ մահացած: Կ՛ուզենք, որ վերջ գտնէ ահաբեկչութենէ ու ծայրայեղականութենէ զուրկ Կազայով, որ Իսրայէլին կամ շրջանի որեւէ մասի վտանգ չի ներկայացներ, ուր պաղեստինցի ժողովուրդն ու Կազայի բնակչութիւնը կարենան ապրիլ խաղաղութեամբ ու բարգաւաճումով, ինչպէս մենք կը փափաքինք ոչ միայն շրջանին, այլ նաեւ մեր երկիրներուն եւ ամբողջ աշխարհին: Այս առումով գիտէք, թէ, ներկայիս, մինչ այստեղ կը խօսինք, կարեւոր աշխատանք կը տարուի կարելի եղածին չափ շուտ այս նպատակներուն հասնելու համար»:

«Նաեւ կան իւրայատուկ եւ հետաքրքրական առիթներ, որոնց վրայ միասնաբար կ՛աշխատինք: Անոնցմէ մէկը Սուրիոյ ապագան է, եւ ատիկա բան մըն է, որ միայն երկու տարի առաջ կամ նոյնիսկ մէկ տարի առաջ անկարելի կը թուէր: Թրամփ տակաւին յանձնառու է ոչ միայն միակողմանի կերպով, այլ այսօր այստեղ ներկայացուած իւրաքանչիւր պետութեան հետ գործակցաբար, Սուրիոյ առիթ ընծայելու կառուցելու հզօր ու միասնական երկիր մը, որ իր բազմազանութիւնը յարգող եւ կայուն ըլլայ, ինչպէս նաեւ յարձակումներ կամ դրացիներու կայունութիւնը քայքայելու համար ահաբեկիչներուն կամ օտար ուժերուն կողմէ իբրեւ ռազմակայան չօգտագործուի», նշեց Ռուպիօ:

«Նոյնն է պարագան Լիբանանին: Այդտեղ եւս պատմական առիթ գոյութիւն ունի: Միացեալ Նահանգները յանձնառու են իր բազմազանութիւնը յարգող, Իրանի, Հըզպալլայի եւ անոր կայունութիւնը ականահարել փորձողներու ազդեցութենէն զուրկ լիբանանեան հզօր պետութեան մը գոյութեան երաշխաւորման, ինչպէս նաեւ պետութիւնը կարող դարձնելու իր գերիշխանութիւնը պարտադրելու եւ դուրս գալու իր երկարատեւ տնտեսական ճգնաժամէն», ըսաւ ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:

«Լաւ լուրը այն է, որ Իրանի վարչակարգը այսօր, բաղդատմամբ նախկին տարիներուն, մեծ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ, եւ ատիկա թերեւս մեզի առիթ կ՛ընծայէ շրջանին մէջ մեր ձգտած կարգ մը բաները իրագործելու, օրինակ` Սուրիոյ մէջ, ուր իրանեան վարչակարգը սուրիական նախկին վարչակարգին հիմնական աջակից մըն էր: Այստեղ շատ բան ունինք քննարկելիք: Այս ֆորումը կարեւոր է, եւ մենք անոր նկատմամբ ամբողջովին յանձնառու ենք, նախագահ Թրամփը անձնապէս անոր յանձնառու է, ըլլայ այդ իւրաքանչիւր պետութեան հետ երկկողմանի մակարդակով կամ այս հաւաքական շրջագիծին մէջ, որ իր մեծ արժէքը ապացուցեց», յայտնեց Ռուպիօ:

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Պըն Ֆարհան իշխանը իր կարգին հաստատեց «Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի պետութիւններուն Միացեալ Նահանգներու Ծոցի շրջանին ու Միջին Արեւելքի անվտանգութեան եւ կայունութեան աջակցութեան մէջ կենսական դերակատարութիւնը` նկատի ունենալով, որ անիկա այս ռազմավարական գործընկերութեան մէջ կարեւոր հիմնաքար մըն է: Ինչպէս նաեւ կը կրկնենք դատապարտումը մեր դրացի Քաթարի վրայ իսրայէլեան յարձակումին, որ միջազգային օրէնքի խախտում կը նկատուի եւ կը սպառնայ շրջանի անվտանգութեան ու կայունութեան: Մեր ամբողջական աջակցութիւնը կը յայտնենք Քաթարին իր, իր ժողովուրդին եւ իր հողերուն վրայ բնակող բոլորին անվտանգութիւնը պաշտպանելու ջանքերուն»:

«Պաղեստինեան դատը կը մնայ մեր քաղաքականութիւններուն գլխաւորը: Մեր վերջնական նպատակը համապարփակ խաղաղութեան հաստատումն է: Այս իմաստով կոչ կ՛ուղղենք աշխուժացնելու միջազգային օրէնքին համաձայն երկու պետութիւններու լուծում գտնելու ջանքերը եւ վերցնելու Կազա մարդասիրական օժանդակութեան հասանելիութեան դէմ դրուած արգելքները», շեշտեց ան:

«Ինչ կը վերաբերի Իրաքին, կը գնահատենք այդտեղ ՄԱԿ-ի դերը ամրապնդելու ամերիկեան ջանքերը եւ կ՛ընդգծենք Քուէյթի հետ առկախ մնացած բոլոր խնդիրներու լուծման կարեւորութիւնը», նշեց սէուտական դիւանագիտութեան պետը:

Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ժասեմ Մոհամետ Պտտաուի իր կարգին յայտնեց. «Կազայի մէջ մարդասիրական ողբերգութիւնը, պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ շարունակուող յարձակումը, ցեղասպանութեան ոճիրը, պաշարման հաստատումը եւ սովի մատնումը զարգացումներ են, որոնք ժխտական անդրադարձ պիտի ունենան շրջանային ու միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան վրայ»:

Ան ընդգծեց Սուրիոյ գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը յարգելու եւ անոր ներքին գործերուն արտաքին միջամտութիւնները մերժելու կարեւորութիւնը, «եւ կը շեշտենք, որ անոր կայունութիւնը շրջանի կայունութեան կարեւոր հիմնաքարերէն մէկն է, ինչպէս նաեւ կը դատապարտենք սուրիական հողերուն վրայ իսրայէլեան իրերայաջորդ յարձակումները»:

Ինչ կը վերաբերի Լիբանանին, ան յայտարարեց. «Կը վերահաստատենք Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի Լիբանանին, անոր գերիշխանութեան ու կայունութեան աջակցելու հաստատ դիրքորոշումը, եւ կ՛ընդգծենք անոր ժողովուրդի ձգտումներու իրագործման համար քաղաքական ու տնտեսական բարեկարգումներու կարեւորութիւնը»:

Նախորդը

Պարրաք. «Միացեալ Նահանգներ Կը Շարունակեն Աջակցիլ Նոյեմբեր 2024-ի Համաձայնութեան, Ներառեալ Հըզպալլայի Զինաթափման Գործադրութեան Լիբանանի Ջանքերու Շարունակման»

Յաջորդը

Արարատը Որպէս Խորհրդանիշ. Ֆութպոլի Հաւաքականի Շապիկէն Անհետացումէն Մինչեւ Սահմանահատման Դրոշմակնիքին Վրայէն Չեղարկումը Եւ Հանրի Վերնոյի Ֆիլմը

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?