ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, ՀՅԴ Բիւրոյին եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքին անունով Սէուտական Արաբիոյ 95-րդ ազգային տօնին առիթով շնորհաւորեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, թագաւորութեան ու սէուտցի եղբայրական ժողովուրդին մաղթելով յաւելեալ յառաջդիմութիւն ու բարգաւաճում:
«Այսօր, Սէուտական Արաբիոյ մէջ եղբայրներուն հետ կը կիսենք հայրենիքի բերկրանքը եւ մեր աչքերուն առջեւ կը բերենք տեսլական մը, որ վաղուան օրը կը ձեւաւորէ եւ սերունդները կ՛ոգեշնչէ», ըսաւ ան:
Բագրատունի այս ազգային սիրելի տօնին առիթով իր ջերմ շնորհաւորանքը յայտնեց Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին եւ գահաժառանգ Մոհամետ Պըն Սալման իշխանին: