Սուրիոյ նախագահական պալատը յայտարարեց, թէ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ:
Սուրիոյ նախագահական պալատին համաձայն, հանդիպումը տեղի ունեցած է Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 80-րդ նիստի ծիրին մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կազմակերպած ընդունելութեան ընթացքին, որուն ներկայ եղած է նաեւ Թրամփի կինը` Մելանիա Թրամփ:
Շարհ 1967 թուականէն ի վեր Սուրիոյ առաջին նախագահն է, որ ներկայ կը գտնուի ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին:
ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Շարհ կը գլխաւորէ սուրիական բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմեն շարք մը նախարարներ ու բարձրաստիճան պաշտօնատարներ: