Հըզպալլան երէկ երեկոյեան Ռաուշէի մէջ բազմամարդ հաւաք մը կատարելով նշեց իր նախկին ընդհանուր քարտուղարներ սէյիտ Հասան Նասրալլայի եւ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի նահատակութեան միամեակը:
Ոգեկոչումը ընթացք առաւ Ուզահիի նաւահանգիստէն ճամբայ ելած նաւակներու ժամանումով, որմէ ետք շեփորախումբը հնչեցուց Լիբանանի եւ Հըզպալլայի քայլերգները:
Ժամը 6:50-ին Ռաուշէի ժայռին վրայ լուսարձակուեցաւ լիբանանեան դրօշի պատկերը, ապա սէյիտ Հասան Նասրալլայի եւ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի լուսանկարներն ու «Ես խոստումիս վրայ եմ» կարգախօսը:
Ռաուշէի ժայռին վրայ նաեւ լուսարձակուեցաւ նախկին վարչապետներ Ռաֆիք ու Սաատ Հարիրիի եւ անոնց միջեւ սէյիտ Նասրալլայի լուսանկարը, ինչպէս նաեւ սէյիտ Նասրալլայի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի լուսանկարները: