Ամերիկացի յատուկ պատուիրակ Թամըս Պարրաք յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն աջակցիլ լիբանանեան պետութիւնը վերակառուցելու եւ դրացիներուն հետ խաղաղութիւն գտնելու ջանքերուն, ինչպէս նաեւ վերջերս նոյեմբեր 2024-ին ստորագրուած թշնամական արարքները դադրեցնելու համաձայնութեան, ներառեալ Հըզպալլայի զինաթափման գործադրութեան Լիբանանի ջանքերուն շարունակման»:
Պարրաք նախապէս անդրադառնալով լիբանանեան բանակի եւ կառավարութեան դերակատարութեան յայտարարած էր. «Այն ամէնը, որ Լիբանանը կ՛ընէ, խօսք է, եւ ոչինչ ըրաւ»:
Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ 23 սեպտեմբերին զարմանք յայտնեց Պարրաքի այդ խօսքերուն համար:
Սալամ յայտնեց. «Կառավարութիւնը յանձնառու է իր աշխատանքային ծրագիրին ամբողջական գործադրութեան, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի բարեկարգումներուն, զորս խոստացաւ, պետութեան իշխանութիւնը իր սեփական ուժերով բոլոր իր հողերուն վրայ տարածելուն, զէնքը իր մենաշնորհը դարձնելուն, ինչպէս նաեւ այդ առնչութեամբ նախարարաց խորհուրդի որոշումներու գործադրութեան»:
«Այս առումով ամբողջովին վստահ եմ, թէ լիբանանեան բանակը իր պարտականութիւնները կը կատարէ` պաշտպանելու Լիբանանի գերիշխանութիւնը, անոր կայունութիւնը երաշխաւորելու եւ իր ազգային առաքելութիւնը կը կատարէ, ներառեալ գործադրութիւնը այն ծրագիրին, որ 5 սեպտեմբերին ներկայացուց նախարարաց խորհուրդին», յայտնեց վարչապետը:
«Այս առիթով միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղեմ` աշխուժացնելու լիբանանեան բանակին իր աջակցութիւնը եւ ճնշում բանեցնելու Իսրայէլի վրայ, որպէսզի հեռանայ իր բռնագրաւած հողերէն ու դադրեցնէ իր իրերայաջորդ յարձակումները, առ ի գործադրութիւն նոյեմբեր 2024-ին հրապարակուած թշնամական արարքներու դադրեցման յայտարարութեան: