Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Եուսեֆ Ռաժժի Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 80-րդ նիստի ծիրին մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի, Իրլանտայի եւ Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ:
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններուն, Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ տիրող կացութիւններուն եւ շրջանին մէջ արձանագրուող վերջին զարգացումներուն:
Ռաժժի բարձր գնահատեց Լիբանանի մէջ հայ համայնքի երկու երկիրներուն միջեւ պատմական ու մշակութային կապերու ամրապնդման մէջ ունեցած կենսական դերակատարութիւնը:
Իրլանտայի արտաքին գործոց նախարար Սայմըն Հարիսի հետ հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ միջազգային քաղաքական զարգացումներուն եւ Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան:
Ռաժժի իր պաշտօնակիցին շնորհակալութիւն յայտնեց Իրլանտայի` ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն մասնակցութեան ճամբով Լիբանանին ցուցաբերած հաստատ աջակցութեան համար:
Լիբանանեան դիւանագիտութեան պետը շեշտեց յառաջիկայ տարի ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան աւարտէն ետք դատարկութեան ստեղծումէն խուսափելու կարեւորութիւնը:
Իրլանտայի արտաքին գործոց նախարարը իր կարգին ընդգծեց լիբանանեան բանակին աջակցելու եւ ապահովութեան պահպանման ու Լիբանանի գերիշխանութեան պաշտպանութեան անոր դերակատարութեան աջակցութեան նկատմամբ իր երկրին շարունակուող յանձնառութիւնը:
Ռաժժի նաեւ հանդիպում ունեցաւ Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Քոնսթանթինոս Քոմփոսի հետ, որ զինք հրաւիրեց Կիպրոս այցելելու` քննարկելու համար երկու երկիրները հետաքրքրող թղթածրարները: