Հայաստանի աթլեթիզմի ազգային խումբը իր մասնակցութիւնը բերաւ վերջերս Թոքիոյի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի աթլեթիզմի ախոյեանութեան:
29 տարեկան Երուանդ Մկրտչեան մասնակցեցաւ 1500 մեթր վազքի մրցումներուն` աւարտելով 13-րդ դիրքին վրայ եւ արձանագրելով 3′ 48″ 21 ժամանակ:
Մարաթոնի մրցումներուն Հայաստանը ներկայացուց 38 տարեկան Նինա Ուսուբեան (Զարինա), որ իր առաջին ելոյթը ունեցաւ աշխարհի ախոյեանութեան իբրեւ ազգային խումբի անդամ: Ան աւարտեց 44-րդ դիրքին վրայ` 2 ժամ 42′ 37″ արդիւնքով:
Ուսուբեան, որ Հայաստանի դրօշին տակ սկսաւ ներկայանալ 2025-էն, նախապէս կը ներկայացնէր Ռուսիան: Իր մասնագիտութիւնն է մարաթոնը, բայց Միացեալ Նահանգներու մէջ ան մասնակցած է նաեւ երկար վազքի այլ ձեւի մրցումներու, որոնց կարգին` «Ուինկզ ֆոր լայֆ ուորլտ Ռան» (60 քմ), ուր յաղթանակներ արձանագրած էր: 2019-էն ի վեր Նինա կը բնակի Միացեալ Նահանգներ իր ամուսինին` Մաքսիմ Ուսուբեանի հետ: