Սենեակին մէկ մոռցուած անկիւնը,
մեծ մօրս հին օթոցին տակ,
փոշիներուն տակ խեղդուած`
յոգնատանջ gramophone մըն էր,
փոշիով ծածկուած, բայց միշտ հաւատարիմ:
Կիսաբաց բերանով կը մրմնջէր
valse մը, որ հայրս կը սիրէր լսել,
իրիկունները, երբ թէյը գոլ էր,
մոմերը` կիսահալ:
Յուշ մը`
սահուն, փախած արեւմտեան գիշերներէն,
կը կաթէր անոր ժանգոտ սլաքին պաղ երկաթէն,
եւ կը թափէր իր շշուկը,
համատարած լռութեան խորքին մէջ:
Իսկ ես` նստած դիմացը,
խեղճուկ, փոքրիկ ճրագի պէս,
շողշողացող մենութիւն: