Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Սեպտեմբեր 25, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԻՐԱՆԻ գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի յայտարարեց. «Հըզպալլայի պատմութիւնը կը շարունակուի, եւ պէտք չէ Լիբանանի մէջ եւ անկէ դուրս անոր կարեւոր ուժը թերագնահատել»:

«Նահատակ սէյիտ Հասան Նասրալլան իսլամական աշխարհի հարստութիւնն էր», նշեց Խամենէի:

. ՖԻՆԻՒԼ-ի բանբեր Քանտիս Արտել յայտնեց, որ երեքշաբթի կէսօրէ ետք իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը ջախջախուած է Նաքուրայի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի կեդրոնատեղիին մօտ` նշելով, որ ՖԻՆԻՒԼ այս դէպքը կը նկատէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի եւ Լիբանանի գերիշխանութեան վտանգաւոր խախտում մը:

Ան ըսաւ, որ ՖԻՆԻՒԼ-ը լուրջի կ՛առնէ իր անդամներուն, կեդրոններուն եւ գործողութիւններուն դէմ որեւէ սպառնալիք կամ միջամտութիւն, եւ այս արարքին դէմ պաշտօնական բողոք պիտի ներկայացնէ:

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ շրջանակներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին. «Գոյութիւն ունի այն մտավախութիւնը, թէ ամերիկացի պատուիրակ Պարրաքի` լիբանանեան կառավարութեան ուղղուած ամբաստանութիւնները համազօր են զգուշացումի մը, թէ անիկա քաղաքական ծածկոյթի ապահովման ճամբայ կը բանայ Նեթանիահուին` զէնքի պետութեան մենաշնորհման գործադրման յանձնառու չըլլալուն պատրուակով Լիբանանի դէմ պատերազմը ընդլայնելու»:

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ շրջանակներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Պըրրիի եւ Սալամի` Պարրաքի յայտարարութիւններուն պատասխանները կ՛արտացոլեն անոր վերջին կեցուածքներուն նկատմամբ պաշտօնական շրջանակներու դժգոհութեան տարողութիւնը: Կարելի չէր այդ յայտարարութիւններուն նկատմամբ լուռ մնալ, երբ իր տեսակէտը արտայայտելու ընթացքին ան խախտեց դիւանագիտական ենթադրեալ կանոնները»:

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Եարզէի մէջ բանակի հրամանատարութեան կողմէ ըսուած խօսքը յստակ էր եւ տողատակի կը պարունակէր ակնարկ մը, թէ կարելի է բանակի ծրագիրի գործադրութիւնը կանգնեցնել, եթէ իսրայէլեան մագլցումը այս կշռոյթով շարունակուի` Իսրայէլը ուղղակի ամբաստանելով Լիթանի գետէն հարաւ եղող շրջանին մէջ զինուորական միաւորներու աշխատանքը արգելակելու մէջ»:

 

Նախորդը

Նշմար. Շարունակական Գործը Արդիւնաւէտ Կ՛ըլլայ

Յաջորդը

Քալիպաֆ. «Հըզպալլան Այսօր Նախկինէն Աւելի Հզօր Է»

RelatedPosts

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար
Լիբանանեան

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»
Լիբանանեան

Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը
Լիբանանեան

Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?