Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Անգարա – Թրիփոլի Աշխուժ Եռուզեռը Եւ Բախումնային Պատկերը

May 16, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հիւսիսային Լիբանանի մէջ վերջին օրերուն ծայր առած բախումները հերթական անգամ մթագնած են լիբանանեան համապատկերը: Միջազգային լրատուամիջոցներուն հրապարակած լրատուութիւնները թէ պատկերասփիւռի կայաններուն կողմէ անվերջ պատկերասփռուող նկարահանումները պատերազմական ընդհանուր իրավիճակի տպաւորութիւնը կը փոխանցեն յատկապէս արտալիբանանեան միջավայրերէ լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւններուն հետեւողներուն մօտ:

Տրուած ըլլալով, որ արդէն արմատաւորուած կարծրատիպեր գոյութիւն ունին այս ուղղութեամբ, ուրեմն կը համատարածուի Լիբանանի կայունութեան նկատմամբ թերահաւատութիւնը, Թրիփոլիի կայծերը ամբողջ Լիբանանի տարածքին հասցնելու եւ կացութեան համընդհանուր բռնկումի վախի ահագնացումը:  Մինչ լիբանանեան իրաւապահ ուժերն ու բանակը կը փորձեն հակակշիռ բանեցնել ամբողջ շրջանին վրայ, բախումները ժամանակաւոր դադարներէ ետք կը վերսկսին տեղւոյն զինեալներուն եւ լիբանանեան օրինական ուժերուն միջեւ:

Լրատուական մեկնաբանութիւնները կը զարգանան անշուշտ: Անոնցմէ անմասն չի մնար միջազգային մամուլը: Աւելի ճիշդը` կը հունաւորէ միջազգային հանրային կարծիքը, շեշտելու համար, որ միջադէպերը կը հրահրուին դրացի Սուրիոյ կողմէ: Մեկնաբանութիւնները կը հասնին հոն, ուր կը նկատուի ենթահողի ձեւաւորման փորձ` արտաքին ուժերու միջամտութեան:  Տարաբնոյթ լրատուական այս տարաձայնութիւնները ունին անշուշտ իրենց շարժառիթներն ու տեղեկատուական քաղաքականութիւնը:

Լրատուական այս տարատեսակութիւնը սակայն, զանց կ՛առնէ ենթադրեալ այլ տեսութիւն մը: Եթէ արտաքին ուժերու մասին է խօսքը, հիւսիսային Լիբանանը ամէնէն շատ Անգարայի կողմէ թիրախաւորուած շրջանն է թափանցումի քաղաքականութիւն իրականացնելու համար: Թրքախօս ազգաբնակչութիւնը, կրթական, մշակութային եւ առողջապահական ոլորտներու մէջ իրականացուած ծրագիրները, ակներեւօրէն պատրուակային շղարշներ էին եւ ե՛ն այլ ծրագիրներ իրականացնելու համար:

Լիբանանի շրջաններէն ամէնէն շատ հիւսիսային կողմն էր, որ աշխատանքային թիրախ էր Անգարայի վարիչներուն համար, որոնց յաճախակի այցելութիւնները (երբեմն պաշտօնական անձնաւորութեանց թիկնապահներու եւ տեղւոյն բնակիչներու միջեւ բախումներով յատկանշուած) կը բացատրուէին դպրոցներու հիմնարկէքներու, դարմանատուներու եւ  հանրային պարտէզներու բացման արարողութիւններով:

Դէպքերը ունին իրենց հետեւողական տրամաբանութիւնը: Շատ ժամանակ չէ անցած Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան հարցերու բարձրաստիճան պաշտօնատարին հիւսիսային Լիբանան այցելութենէն: Պատահական չէր նաեւ, որ լիբանանեան քաղաքական-հասարակական դաշտին իրազեկ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ նախկին դեսպանն էր, որ կը կոչուէր այդ պաշտօնին հազիւ դեսպանի պաշտօնը ձգած: Յետոյ, կու գար հիւսիսային Լիբանան, առանց այս անգամ լիբանանեան պատկան նախարարութիւնը տեղեակ պահելու` մասնակցելու «հանրային պարտէզ»-ի պաշտօնական բացումին:

Հանրային պարտէզի առեղծուածը թերեւս կարելի է մեկնաբանել հիւսիսային Լիբանանի վերջին դէպքերով, եթէ անշուշտ հետեւինք  արտալիբանանեան ուժերու հրահրիչ գործողութիւններու քաղաքական տեսաբանութեան: Չմոռնանք, որ արտակարգ մերձեցումը` Դամասկոսի եւ Անգարայի միջեւ, որքան սուղ արժեց եւ կը շարունակէ արժել Սուրիոյ:

Մերձեցումի արտակարգ տարողութիւն կը նկատուի նաեւ Պէյրութ-Անգարա գիծին վրայ, ատկէ առաջ եւ անոր զուգահեռ հիւսիսային Լիբանան – Անգարա գիծին վրայ: Քաղաքական մեկնաբանութիւններու հրապարակը բաց է եւ վերլուծումներու տարատեսակութիւնը յագեցած է այս պարագային: Առնուազն մտահան պէտք չէ ընել եւ կամ աւելի ճիշդը` խնամքով անուշադրութեան պէտք չէ մատնել թրքական գործօնի հրահրիչ բնոյթի վարկածը:

«Ա.»

Նախորդը

Տեսակէտ. Ազրպէյճանական Վատառողջ, Հասկնալի Եւ Ողջունելի Բարոյահոգեբանական Վիճակ Մը

Յաջորդը

«Ազդակ»-Ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.