Նիւ Եորքի ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ Պաղեստինի հարցի խաղաղ լուծման շուրջ միջազգային խորհրդաժողով` նախագահութեամբ Սէուտական Արաբիոյ ու Ֆրանսայի եւ մասնակցութեամբ տասնեակներով միջազգային ղեկավարներու:
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն բացման խօսքին մէջ յայտարարեց, որ իր երկիրը կը ճանչնայ Պաղեստինի պետութիւնը: «Կը յայտարարեմ, որ Ֆրանսան այսօրուընէ կը ճանչնայ Պաղեստինի պետութիւնը», ըսաւ Մաքրոն` նշելով, որ Պաղեստինի պետութեան ճանաչումը խաղաղութեան համար միակ լուծումն է:
Ան յայտնեց, որ Պաղեստինի պետութեան ճանաչումը Համասի համար պարտութիւն է` աւելցնելով, որ շարժումը իր ղեկավարներուն վնասազերծումով զինուորական պարտութիւն կրեց:
Ֆրանսայի նախագահը ըսաւ, որ Պաղեստինի պետութիւնը պէտք է ապազինեալ ըլլայ, եւ Ֆրանսան Իսրայէլի հետ իր գործակցութիւնը պիտի կապէ վերջինիս խաղաղութեան հաստատման համար կատարած քայլերուն` նշելով, որ Պաղեստինի պետութեան ճանաչումը միակ լուծումն է, որ Իսրայէլին պիտի արտօնէ խաղաղ ապրիլ:
«Պէտք է իրագործել սկզբնական խոստումը` երկու պետութիւններու հաստատումը, եւ օրէնքը պէտք է գերիշխէ ուժին», աւելցուց ան` նշելով, որ յաջորդ փուլը պէտք է Կազայի մէջ վերաշինութիւնն ու կայունութեան հաստատումը ըլլայ:
«Ֆրանսան պատրաստ է Կազայի մէջ կայունութեան միջազգային առաքելութեան մը աջակցելու եւ պաղեստինեան ապահովական ուժերը վերապատրաստելու», ըսաւ Մաքրոն` նշելով, որ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս յանձնառու դարձաւ բարեկարգումներու գործադրութեան եւ Համասի Կազայէն հեռացման:
Մաքրոն յայտարարեց, որ Պաղեստինի պետութեան մէջ ֆրանսական դեսպանատան հաստատումը պայմանաւորուած պիտի ըլլայ «Կազայի մէջ պահուող բոլոր պատանդներու» ազատ արձակումով եւ զինադադարի հաստատումով:
Մոնաքոյի Ալպեր Բ. իշխանը իր կարգին յայտարարեց, որ իր երկիրը կը ճանչնայ Պաղեստինի պետութիւնը:
Պելճիքայի վարչապետ Պարթ տէ Ուեվեր իր կարգին յայտարարեց, որ իր երկիրը կը ճանչնայ Պաղեստինի պետութիւնը, եւ «կը զօրակցինք երկու պետութիւններու լուծումին»:
Լիւքսամպուրկի վարչապետ Լիւք Ֆրիտեն յայտարարեց, որ իր երկիրը պաշտօնապէս կը ճանչնայ Պաղեստինի պետութիւնը` նշելով. «Երկու պետութիւններու լուծումը տեւական խաղաղութեան ուղղութեամբ միակ լուծումն է»:
Մալթայի վարչապետ Ռոպերթ Ապելա իր կարգին յայտարարեց, թէ Մալթան կը ճանչնայ Պաղեստինի պետութիւնը` աւելցնելով. «Կազան սովի մատնումէն կը տառապի, եւ պէտք է անմիջապէս վերջ տալ պատերազմին, երաշխաւորել մարդասիրական օժանդակութիւններու հասանելիութիւնը եւ դադրեցնել Այսրյորդանանի մէջ բնակեցուածներու բռնարարքները»:
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Իւեթ Քուփըր նշեց, որ Պաղեստինի պետութեան ճանաչումը դէպի աւելի լաւ ապագայ միակ ուղին է:
«Համաս Պաղեստինի ապագային մէջ որեւէ դերակատարութիւն չի կրնար ունենալ», աւելցուց Քուփըր:
Բրիտանական դիւանագիտութեան պետը ըսաւ, որ բնակեցման վայրերու ընդլայնումը կը սպառնայ պաղեստինեան պետութեան ստեղծման` նշելով, որ ծայրայեղականները դէմ են պաղեստինեան պետութեան ստեղծման:
Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչեզ կոչ ուղղեց` Պաղեստինի պետութեան ՄԱԿ-ի լիիրաւ անդամակցութիւն շնորհելու:
«Այս խորհրդաժողովը շրջադարձ մըն է, սակայն ճամբուն աւարտը չէ: Ասիկա պարզապէս սկիզբն է: Պաղեստինի պետութիւնը պէտք է (ՄԱԿ-ի լիիրաւ) անդամ ըլլայ», յայտնեց Սանչեզ:
Աւստրալիոյ վարչապետ Անթոնի Ալպանեզ յայտարարեց, որ Համասը Պաղեստինի ապագային մէջ որեւէ դեր չի կրնար ունենալ: Ան կոչ ուղղեց պաղեստինեան ընտրութիւններ կատարելու` յիշեցնելով, որ իր երկիրը մէկ օր առաջ ճանչցած էր Պաղեստինի պետութիւնը:
«Իսրայէլի վարմունքը երկու պետութիւններու լուծումը կը վտանգէ», ըսաւ Ալպանեզ:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես շնորհակալութիւն յայտնեց Սէուտական Արաբիոյ եւ Ֆրանսային` երկու պետութիւններու լուծումին շուրջ խորհրդաժողով հրաւիրելնուն համար:
«Յուսախաբութիւնս կը յայտնեմ պաղեստինեան պատուիրակութեան ՄԱԿ ներկայանալէն զրկուելուն նկատմամբ», ըսաւ ան իր խօսքին մէջ` ողջունելով երկու պետութիւններու լուծման աջակցութեան միաւորման միջազգային ջանքերը:
Ան աւելցուց, որ ոչինչ կ՛արդարացնէ պաղեստինեան պետութեան հաւաքական պատիժը, եւ կոչ ուղղեց Կազայի մէջ անմիջապէս զինադադար հաստատելու:
«Միջին Արեւելքի մէջ չկայ խաղաղութիւն առանց երկու պետութիւններու լուծումին», յայտարարեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը` շեշտելով, որ Պաղեստինեան պետութեան ստեղծման մերժումը երկու կողմերու ծայրայեղականներուն նուէր է:
Պաղեստինեան պետութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս տեսակապի ճամբով իր արտասանած խօսքին մէջ ողջունեց Սէուտական Արաբիոյ եւ Ֆրանսայի` «Պաղեստինի պետութեան ճանաչումներու միաւորման համար մեծ դերակատարութիւնը»:
«Պատրաստ ենք Ամերիկայի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Ֆրանսայի հետ աշխատելու` գործադրելու համար Նիւ Եորքի խաղաղութեան հռչակագիրի ծրագիրը», աւելցուց Ապպաս:
Ապպաս Իսրայէլին կոչ ուղղեց արիւնահոսութիւնը դադրեցնելու համար բանակցութեան սեղան նստելու` ընդգծելով, որ Համաս իշխանութեան մէջ որեւէ դերակատարութիւն պիտի չունենայ, եւ շարժումին կոչ ուղղեց` իր զէնքը Պաղեստինեան իշխանութեան յանձնելու:
Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Սէուտական Արաբիոյ եւ Ֆրանսայի` այս «կարեւոր խորհրդաժողովը» կազմակերպելնուն համար:
Ան կոչ ուղղեց անմիջապէս դադրեցնելու Կազայի պատերազմը` նշելով, որ երկու պետութիւններու լուծումը խաղաղութեան հաստատման միակ ուղին է:
«Տագնապը պէտք է վերջ գտնէ», աւելցուց թագաւորը` նշելով, որ աշխարհը այսօր շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ կարեւոր քայլ կ՛առնէ:
Եգիպտոսի վարչապետ Մուսթաֆա Մատպուլի ըսաւ, որ Միջին Արեւելքի մէջ չկայ կայունութիւն առանց արդար ու համապարփակ լուծումի` նշելով, որ երկու պետութիւններու լուծումը պարզապէս բարոյական յանձնառութիւն չէ:
Ան ողջունեց Սէուտական Արաբիոյ եւ Ֆրանսայի երկու պետութիւններու լուծումի խորհրդաժողովին համար թափած ջանքերը:
«Կտրուկ կերպով կը մերժենք պաղեստինեան պետութիւնը տեղահանելու եւ անոր դատը ոչնչացնելու որեւէ փորձ», յայտնեց Մատպուլի:
Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյեն յայտնեց, որ Իսրայէլ կ՛ականահարէ երկու պետութիւններու լուծումը` նշելով, որ խաղաղութեան իրատեսական ծրագիրը հիմնուած է երկու պետութիւններու վրայ` անվտանգ Իսրայէլի եւ կենսունակ պաղեստինեան պետութեան, ինչպէս նաեւ Համասի ոչնչացման վրայ:
Ֆոն Տեր Լեյէն խօսեցաւ Պաղեստինի նուիրատուներու խումբի ստեղծման մասին, որպէսզի պաղեստինեան պետութիւնը տնտեսապէս կենսունակ ըլլայ:
Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոսթա իր կարգին կոչ ուղղեց Կազայի մէջ անմիջապէս զինադադար հաստատելու եւ գերիները ազատ արձակելու:
Նշենք, որ նախքան այդ, Բրիտանիան, Քանատան, Աւստրալիան եւ Փորթուգալը յայտարարած էին, որ պաշտօնապէս կը ճանչնան Պաղեստինի պետութիւնը: