Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ամերիկեան «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ այն, ինչ որ Կազայի մէջ տեղի կ՛ունենայ, «յստակ ցեղասպանութիւն է, եւ անոր հեղինակը Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն է»: Այս մասին հաղորդեց «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
«Այլ բացատրութիւն չկայ: Անիկա լիարժէք ցեղասպանութիւն է, եւ այս ցեղասպանութեան հեղինակը Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն է», ըսաւ Էրտողան:
«Նեթանիահու ջարդ ու վայրագութիւն գործեց, եւ այս ցեղասպանութեան ընթացքին զոհ գացին տասնեակ հազարաւորներ: Մենք Թուրքիոյ մէջ ամբողջովին դէմ ենք այս ցեղասպանութեան», աւելցուց Էրտողան:
Ան նշեց, որ Կազայի մէջ կան 125 հազար վիրաւորներ, որոնցմէ մեծ թիւ մը դարմանումի համար Թուրքիա տեղափոխուեցաւ:
Պատասխանելով Համաս շարժումին կողմէ գերիները ազատ արձակելու կարելիութեան մասին հարցումի մը` Էրտողան ըսաւ. «Այս կացութեան մէջ միայն Համասը այպանելը սխալ է: Ինչպէ՞ս կրնանք Նեթանիահուի արարքները անտեսել»:
«Կարելի՞ է ըսել, թէ Համասը զինուորական գետնի վրայ Իսրայէլէն հզօր է: Ատիկա անկարելի է: Իսրայէլ առանց խտրութեան իր զէնքերը կ՛օգտագործէ 7-էն 70 տարեկան մարդոց դէմ, անկախ այն իրողութենէն, թէ կիներ են, երեխաներ կամ տարեցներ», աւելցուց ան:
Պատասխանելով Կազայի մէջ մարդասիրական կացութեան վերջ տալու մասին հարցումի մը` Էրտողան յայտնեց. «Ինչպէս կը յիշէք, պարոն Թրամփը կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ ըսաւ. «Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ պատերազմին վերջ պիտի տամ»: Վերջ գտա՞ւ. անիկա տակաւին կը շարունակուի: Նոյնպէս ըսաւ. «Կազայի պատերազմին վերջ պիտի տամ»: Վերջ գտա՞ւ. ոչ»: