Ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապեր «Ախպար» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, թէ պիւտճէին մէջ ներդրումներու յաւելումը նոր եկամուտներու ապահովում կը պահանջէ, եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին հիմնական յանձնարարութիւնը հաւասարակշռութիւնն է եւ պիւտճէին մէջ բացը չընդունիլը:
«Եթէ ուզենք ներդրումային այլ ծրագիրներ կատարելու համար գումարներ ապահովել, ապա պէտք է մարդոց վրայ տուրքերը աւելցնենք: Սակայն այլ ընտրանքի դիմեցինք` երկարատեւ վարկեր (30 տարի), որոնք միլիառ տոլարի կը հասնին, ցած տոկոսներով եւ 8 տարուան թոյլտուութեամբ: Այս գումարները պիտի յատկացուին ներդրումային ծրագիրներու», ըսաւ ան:
Ժապեր նշեց, որ ներկայ ուղղուածութիւնը ուժանիւթի մարզի վերադասաւորումն է` նշելով, որ անոր բանալիին անունը մարզի կարգաւորման մարմին է: Ան աւելցուց, որ վերջաւորութեան ելեկտրականութեան ցանցը պիտի մնայ պետութեան ձեռքը, իսկ ելեկտրականութեան արտադրութիւնը Ելեկտրականութեան ընկերութեան կողմէ արտօնագիրներու ճամբով պիտի տրուի «Սիմընզ» եւ այլ ընկերութիւններու` գանձումն ու ելեկտրականութեան բաժանումը վստահելով սեփական մարզին, «որովհետեւ ելեկտրականութեան գլխաւոր խնդիրը այն է, որ գանձումը պետութեան համար մեծ բեռ է, որուն շարքին է արտադրութեան անհրաժեշտ եղող վառելանիւթի գինը, որուն վրայ տասնեակ միլիառաւոր տոլարներ ծախսեցինք»:
Ելեւմուտքի նախարարը յստակացուց, որ կառավարութեան որդեգրած հիմնական քաղաքականութիւնը ելեկտրականութեան ամավարկէն գումարներ չյատկացնելն է:
Ժապեր շեշտեց, որ առաջնահերթութիւնը տուրքերու գանձումի համեմատութիւնը բարձրացնելն է, նախքան նոր տուրքեր աւելցնելու մասին մտածելը:
Ելեւմուտքի նախարարը յայտնեց, որ առանց արտաքին օժանդակութիւններու վերաշինութիւնը դժուար է:
Ան նաեւ նշեց, որ պետական հաստատութիւններու մէջ բարձր ամսականները պիտի նուազեցուին, «եւ եթէ ատիկա մէկուն հաճելի չէ, թող հեռանայ»: