Արդարադատութեան նախարար Ատել Նասսար ստորագրեց «Ռոսուս» նաւու Պուլկարիոյ մէջ ձերբակալուած ռուս սեփականատէր Իկոր Կրեչոշքինը ստանձնելու թղթածրարը եւ զայն փոխանցեց արտաքին գործոց նախարարութեան:
«Ժատիտ» նախապէս հաղորդած էր, որ Պէյրութի նաւահանգիստ Նիթրաթ ամոնիոմը փոխադրած նաւու նաւապետը, որ Ռուսիոյ եւ Կիպրոսի քաղաքացի է, Պուլկարիոյ մէջ ձերբակալուած է:
Ըստ տեղեկութիւններու, լիբանանեան արդարադատութիւնը ընդհանուր դատախազութեան ճամբով տեղեակ դարձած է ձերբակալութենէն եւ պատրաստած զինք ստանձնելու թղթածրարը, որ պիտի ներառէ արդարադատական տուեալներ, որոնք պուլկարական իշխանութիւններուն ուշադրութեան կը յանձնեն նաւու սեփականատէրը յանձնելու կարեւորութիւնը եւ նաւահանգիստի պայթումին շուրջ հետաքննութեան ծիրին մէջ անոր հարցաքննութեան համար գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը, որովհետեւ այդ հարցաքննութիւնը կրնայ «Ռոսուս» նաւու բեռին, տիրոջ եւ ուղղութեան վերաբերեալ հիմնական ճշմարտութիւններ բացայայտել:
Տեղեկութիւններու համաձայն, նաւու սեփականատէրին ստանձնման դիմումը իր ընթացքը պիտի առնէ իրաւական ծիրին մէջ եւ ի վերջոյ հասնի պուլկարական իշխանութիւններուն, որոնք պիտի որոշեն զինք Լիբանանին յանձնել, Պուլկարիոյ մէջ ձգել կամ կալանաւորի կարգավիճակին մէջ վերադարձնել Ռուսիա:
Եթէ Պուլկարիան մերժէ Լիբանանի հետ գործակցիլ, ապա իրաւական որեւէ արգելք չկայ, որ դատաւոր Թարեք Պիթարը մեկնի Պուլկարիա կամ Ռուսիա եւ այդտեղ զինք հարցաքննէ, տեղւոյն արդարադատութեան իշխանութիւններուն հետ համակարգումէն ետք, հակառակ ներկայիս գոյութիւն ունեցող որոշ արդարադատական արգելքներու, որոնցմէ է դատաւոր Թարեք Պիթարի դէմ հաստատուած ճամբորդութեան արգելքը:
«Ռոսուս»-ի սեփանակատէրը ձերբակալուած է 2020 թուականին անոր դէմ լիբանանեան արդարադատութենէն հրապարակուած դիմումով Ինթերփոլի ձերբակալման կարմիր հրամանագիրի հիմամբ: