. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Սէուտցի պատուիրակ Եազիտ Պըն Ֆարհան իշխանին լիբանանեան կողմերուն հետ հաղորդակցութիւններն ու խորհրդակցութիւնները կու գան հաստատելու, որ վերաշինութիւնը սկսելու եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու մթնոլորտը պատրաստելու համար զէնքի հարցի լուծման եւ բանակին աջակցութեան ջանքերը կը շարունակուին»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Սէուտցի պատուիրակ Եազիտ Պըն Ֆարհան իշխանը կրցաւ կարճ ժամանակի մէջ իր կշռոյթն ու պատկերացումը պարտադրել լիբանանեան բեմին եւ խաղի վերահսկողութիւնը իր ձեռքը պահել: Ան քաղաքականութեան մէջ Հըզպալլայի դէմ կանգնեցաւ եւ զայն դրաւ զէնքը յանձնելու հարցով նեղ կացութեան մէջ»:
. ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ հեղինակութիւն մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Մեքանիզմի յանձնախումբին մէջ հնգեակի ներկայացուցիչներու քայլերը, որոնցմէ ոմանք յայտարարուած ու հրապարակային են, իսկ ուրիշներ` լուսարձակներէ հեռու, մեծ եռանդով կը կատարուին` լայն քննարկումներով երկարաշունչ ժողովներու ճամբով»:
. ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւրներ «Անպա» Էլեքթրոնիա»-ին. «Զինադադարի հսկողութեան յանձնախումբին մէջ Լիբանանի պատուիրակը Օրթէյկըսին կոչ ուղղեց` վերջ տալու իսրայէլեան շարունակուող յարձակումներուն եւ Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելու, որպէսզի հեռանայ իր բռնագրաւած կէտերէն»:
. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Աշխատանք կը տարուի Նիւ Եորքի ժողովներուն ծիրին մէջ Լիբանան-Ֆրանսա-Սէուտական Արաբիա-Քաթար հանդիպում կատարելու` քննարկելու համար լիբանանեան բանակին ու վերաշինութեան աջակցութեան հարցերը»:
. ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու Քոնկրեսի անդամ Տարըն Լահուտ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Որեւէ պետութիւն չի կրնար ազգային բանակէն անկախ գործող զինեալ խմբաւորումներու գոյութեան պայմաններուն մէջ բարգաւաճիլ, եւ բոլոր միլիսներու զինաթափումը չափազանց կարեւոր հարց մըն է, որ հարաւային Լիբանանէն Պեքա պէտք է երկարի»:
. ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթ. «Նախագահ Աուն յառաջիկայ չորեքշաբթի օր ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ընթացքին պիտի արտասանէ Լիբանանի խօսքը, որ արդէն պատրաստ է, եւ անոր ընդհանուր խորագիրները համահունչ են արաբական-իսլամական վեհաժողովին ընթացքին անոր արտասանած խօսքին»:
. ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթ. «Նախագահ Աուն ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ պիտի ունենայ շարք մը հանդիպումներ, որոնց շարքին հաստատ ժամադրութիւն կայ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Կութիերեսի, իսկ այլ ժամադրութիւններ հաստատման կը սպասեն, սակայն Տոհայի մէջ իր հանդիպում ունեցած պաշտօնատարներուն հետ չեն»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Ամերիկացի պատուիրակ Մորկըս Օրթէյկըսի զինադադարի գործադրութեան հսկողութեան յանձնախումբին հետ հանդիպումը ցոյց կու տայ, թէ Ամերիկան կը ջանայ մարտի դաշտին վրայ բախումի կանոններ հաստատել եւ կանխարգիլել ապահովութեան խափանումը, այդպիսով կանխելով համապարփակ բախումի կամ հետագայ ներքին պառակտումներու վերածուիլը:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Իսկական մտավախութիւնը կը վերաբերի Իսրայէլի` Լիբանանի դէմ պատերազմի ընդլայնման ըլլայ այդ Կազա քաղաք որոշուած ներխուժումին զուգահեռ կամ անոր աւարտէն ետք»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Իսրայէլ այս վտանգաւոր նախայարձակումով ուզեց իր աշխատանքը վերականգնող հնգեակի մարմինին պատգամ մը ուղղել»: