Զաղրեպի (Խրուաթիա) մէջ տեղի ունեցող ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն Մալխաս Ամոյեան (77 քկ) դարձաւ աշխարհի ախոյեան երկրորդ անգամ ըլլալով: Փարիզի Ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր եւ 4 անգամ Եւրոպայի ախոյեան Ամոյեան 10-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Ողիմպիականի ոսկի մետալակիր Նաօ Քուզաքան:
Հրաչեայ Պօղոսեան (60 քկ) եւ Սլաւիկ Գալստեան (67 քկ) պրոնզ մետալներ շահեցան:
Պօղոսեան պարտութեան մատնած էր սերպ Կէորկի Թիպալովը, մինչ Գալստեան 5-0 արդիւնքով ետ մնալէ ետք 15-5 արդիւնքով յաղթած էր խըրխըզիստանցի մարզիկ Ռազակ Պէյշէկիեւին: