ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱՆԿԱԽԱՑՄԱՆ 34-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԸ ԿԸ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԷ` ՆԱԽԿԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՊՐՆ. ԱԼԵՔՍԱՆ ՄԱԹՈՍԵԱՆ
————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Նուէր Չոլաքեան Պաղտասարեան
Հանգուցեալ Նժդեհ Պաղտասարեանի ընտանիք
Տէր եւ տիկին Լեւոն եւ Զեփիւռ Լիպարիտեան եւ զաւակունք
Օրդ. Սօսի Պաղտասարեան
Տիար Պերճ Չոլաքեան
Օրդ. Պերճուհի Չոլաքեան
Տէր եւ տիկին Արա եւ Նունէ Թորոսեան եւ զաւակունք
Պաղտասարեան եւ Չոլաքեան ընտանիքներ
Լիպարիտեան եւ Քէլլէճեան ընտանիքներ
Եահնիեան եւ Գույումճեան ընտանիքներ
Խաչատուրեան եւ Պէքէրէճեան ընտանիքներ
Սիսլեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին
ԱՐԱՄ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 19 սեպտեմբեր 2025-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` շաբաթ, 20 սեպտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Սուրբ Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, եկեղեցւոյ սրահին մէջ:
————————————–
ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ` ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ
Կիրակի, 21 սեպտեմբեր 2025-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յընթացս սուրբ եւ անմահ պատարագին, պիտի կատարուի Հանրապետական մաղթանք եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշի օրհնութիւն` հայրենիքին վերանկախութեան 34-րդ տարեդարձին առիթով:
Կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն մասնակցելու սուրբ պատարագին, որպէսզի միասնական աղօթքներով խնդրենք Ամենակալէն, որ ամուր ու անսասան պահէ մեր հայրենիքը եւ զայն փրկէ ամէն տեսակ փորձութիւններէ:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
————————————–
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՅՈՎՍԷՓ ԿԱՐԱՊԵՏ ՊԱՊԷԹԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 21 սեպտեմբեր 2025-ին, Զալքայի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 10:00-ին: