Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին լիբանանեան պատուիրակութիւնը գլխաւորելու համար Նիւ Եորք մեկնելէ առաջ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի եւ Պեքայի վրայ իսրայէլեան յարձակումներու լոյսին տակ ապահովական վերջին զարգացումները, 2026-ի ամավարկի նախագիծի քննարկումը եւ երկրին ընդհանուր վիճակը:
Նախագահը բանակի հրամանատար զօր.Ռուտոլֆ Հայքալի հետ եւս քննարկեց երկրին ապահովական կացութիւնը:
Բանակի հրամանատարը նախագահին ներկայացուց հինգշաբթի օր հարաւային շարք մը գիւղեր ու գիւղաքաղաքներ թիրախաւորած իսրայէլեան յարձակումներուն մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ թմրեցուցիչներու դէմ պայքարին մէջ բանակի իրագործումները:
Միւս կողմէ, հանրապետութեան նախագահը ընդունեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ճօ Սըտին, որ նախագահին ներկայացուց արդիւնքները Փարիզի մէջ «Թոթալ» ընկերութեան պատասխանատուներուն հետ իր բանակցութիւններուն, որոնք կը վերաբերէին լիբանանեան դաշտերէն կազի հորատման թղթածրարին: