. ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթ. «Նախագահ Աուն յառաջիկայ չորեքշաբթի օր ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ընթացքին պիտի արտասանէ Լիբանանի խօսքը, որ արդէն պատրաստ է, եւ անոր ընդհանուր խորագիրները համահունչ են արաբական-իսլամական վեհաժողովին ընթացքին անոր արտասանած խօսքին»:
. ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթ. «Նախագահ Աուն ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ պիտի ունենայ շարք մը հանդիպումներ, որոնց շարքին հաստատ ժամադրութիւն կայ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Կութիերեսի, իսկ այլ ժամադրութիւններ հաստատման կը սպասեն, սակայն Տոհայի մէջ իր հանդիպում ունեցած պաշտօնատարներուն հետ չեն»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Ամերիկացի պատուիրակ Մորկըս Օրթէյկըսի զինադադարի գործադրութեան հսկողութեան յանձնախումբին հետ հանդիպումը ցոյց կու տայ, թէ Ամերիկան կը ջանայ մարտի դաշտին վրայ բախումի կանոններ հաստատել եւ կանխարգիլել ապահովութեան խափանումը, այդպիսով կանխելով համապարփակ բախումի կամ հետագայ ներքին պառակտումներու վերածուիլը:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Իսկական մտավախութիւնը կը վերաբերի Իսրայէլի` Լիբանանի դէմ պատերազմի ընդլայնման ըլլայ այդ Կազա քաղաք որոշուած ներխուժումին զուգահեռ կամ անոր աւարտէն ետք»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Իսրայէլ այս վտանգաւոր նախայարձակումով ուզեց իր աշխատանքը վերականգնող հնգեակի մարմինին պատգամ մը ուղղել»:
. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը երէկ առաւօտեան պաղեստինեան Շաթիլա գաղթակայանին մէջ խուզարկումներ կատարեց եւ ձերբակալեց թմրեցուցիչներու շարք մը վաճառականներ: Գործողութեան ընթացքին բանակը փակեց գաղթակայանի ճամբաները:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ անօդաչու թռչող սարք մը երէկ կէսօրէ ետք Թպնինի կառավարական հիւանդանոցի մուտքին առջեւ հարուածեց ինքնաշարժ մը: Արձանագրուեցան զոհ մը եւ 11 վիրաւորներ:
. 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները բարձրացան 7000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 1.493.000 լ.ո.-ի եւ 1.533.000 լ.ո.-ի, մազութի գինը բարձրացաւ 11.000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.370.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը մնաց անփոփոխ` 1.029.000 լ.ո.: