Պաշտօնապէս ձեւակերպուած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան օրը ըստ էութեան հայրենիքի վերանկախացման օրն է: Սերտօրէն առնչուած Խորհրդային Միութեան կազմաքանդումին հետ, մեր երկիրը առաջինն էր, որ հռչակեց իր անկախ պետութիւն ըլլալը: Ընդ որում ժողովրդավար կարգերու ամէնէն օրինաչափ ձեւաչափով` համաժողովրդային հանրաքուէով:
Խորհրդային Միութենէն անջատուելով անկախութիւն յայտարարելը արձանագրեց նաեւ Արցախը: Եւ այս իրաւաչափութիւնը, որ խեղաթիւրուեցաւ Ազրպէյճանի կողմէ եւ ենթահող գտաւ միջազգային ընտանիքին մօտ` ներկայացնելով Արցախը Ազրպէյճանէն անկախութիւն հռչակած միաւոր: Աւելի անբարենպաստ ձեւակերպումներով` անջատում, անջատողականներ բառեզրերով:
Հայրենիքի անվտանգութեան երաշխաւորը Արցախը կը նկատուէր մինչեւ 2018: Հետեւաբար նաեւ անոր անկախութեան գլխաւոր երաշխաւորը: Հիմա անկախ Արցախի Հանրապետութիւնը բռնակցուած է Ազրպէյճանին: Զայն վերստին ազատագրելու եւ վերանկախացնելու առաջադրանք ունի համայն հայութիւնը:
Համայն հայութեան իղձերուն մաս կը կազմէ Արցախը: Իղձեր, որոնց կենսագործման հրամայականը բանաձեւուած է Հայաստանի Հանրապետութեան գործող Սահմանադրութեան նախաբանով նուիրագործուած Անկախութեան հռչակագիրին մէջ:
Անոր դէմ պայքար յայտարարուած է Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ իրաւականօրէն առ ոչինչի վերածելու համար Անկախութեան հռչակագիրը: Հայրենի իշխանութիւնները կը նախապատրաստուին Անկախութեան հռչակագիրի իրաւական ոչնչացումին, նոր Սահմանադրութիւն խոստանալով ժողովուրդին:
Անկախութիւնը այսօր քաղաքականացուած եւ ինչու չէ նախընտրական շարժառիթներով կ՛արծարծուի: Իշխանութիւնները ժողովուրդը կը փորձեն համոզել, որ իրական անկախութիւնը իրական Հայաստանի գաղափարախօսութեամբ պայմանաւորուած է: Իսկ Իրական Հայաստան ունենալու համար անհրաժեշտ է փոխել Սահմանադրութիւնը, հրաժարիլ բոլոր տեսակի իրաւունքներէն: Աւելի՛ն. այդ իրաւունքներէն հրաժարումն է, որ պիտի ապահովէ անկախ Հայաստանի խաղաղութիւնը: Ընդդիմադիր ուժերը կը ներկայացուին իբրեւ հակաանկախական, աւելի մասնակի` իբրեւ Ռուսիոյ դաշնութեան շահերուն ծառայող: Գաղութատիրական ուժերու պիտակաւորումը կը փակցուի ընդդիմադիրներուն:
Անկախութիւն հասկացողութիւնը ուրեմն իր գաղափարական արժէքէն կը պարպուի եւ կը վերածուի զուտ ընտրարշաւի նիւթի: Այս առումով կը համատեղուին անկախութիւնն ու խաղաղութիւնը: Կը համատեղուին համապետական ընտրութիւններն ու սահմանադրութիւն փոխելու կոչուած հանրաքուէն: Ժողովուրդին մօտ հետեւողականօրէն կը փորձուի կարծիք ձեւաւորել, որ գործող իշխանութենէն դուրս որեւէ ուժ եթէ իշխանութիւն ստանձնէ, ապա հայրենիքին կը սպառնայ պատերազմ եւ ռուսական գաղութատիրութիւն:
Անկախութիւնը ամրապնդելու այս կեղծ օրակարգին տակ սահում-անցում կը կատարուի Անգարայի եւ Պաքուի նախապայմաններուն ընդառաջելու: Մինչ երկու ցեղասպան պետութիւններուն նկատմամբ քաղաքականութիւնը արմատապէս փոխելով իշխանութիւնները փորձ կը կատարեն ցեղասպանութիւններուն մէջ այլ պատասխանատու պետութիւններ փնտռել, ցեղասպանութեան ճանաչումը դուրս բերել արտաքին քաղաքականութեան օրակարգէն, հայրենիքի անկախութեան սպառնացող հիմնական մէկ պետութիւն նկատի ունենալ:
Այս բոլոր խնդիրներու նման կերպ արծարծումը հիմնականին մէջ վերարտադրման ծրագիրին մաս կը կազմէ: Նման փորձի յաջողութիւնը արմատապէս շրջած կ՛ըլլայ սեպտեմբեր 21-ի խորհուրդը եւ մեր հայրենիքի վերանկախացման փիլիսոփայութիւնը:
Հանրաքուէով ժողովուրդը իր վերանկախացման հաւաքական քայլին հիմքը պահպանելու հրամայականին առջեւ է: