Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հռչակագիրն Ու Սահմանադրութիւնը Հիմք` Իսկական Անկախութեան Վերականգնումին

Սեպտեմբեր 20, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Երնէ՜կ, թէ այս Նոր տարին
Ազատ շնչէր Հայաստան,
Եւ շուրջ Մասիս մեր սարին
Փայլէին արտ-անդաստան:
ՌԱՓԱՅԷԼ ՊԱՏԿԱՆԵԱՆ

Ամէն տարի, երբ կը դիմաւորենք 21 սեպտեմբերի տօնը` Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերահաստատման յիշատակի օրը, հայ քաղաքական միտքի ու ժողովուրդի հորիզոններուն վրայ անխուսափելի զուգորդում կը ստեղծուի նախընթաց քանի մը պատմական իրադարձութիւններու հետ: Առաջինը` Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան հռչակումն (ու ճանաչումն) էր, 28 մայիս 1918-ին, երկրորդը` տակաւին Խորհրդային Միութեան մաս կազմող Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդին (այսինքն` ժողովուրդը ներկայացնող բարձրագոյն հեղինակութեան) կողմէ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՀՌՉԱԿԱԳԻՐ-ին որդեգրումը 23 օգոստոս 1990-ին, երրորդը` Արցախի Գերագոյն խորհուրդին (որուն կողքին էին Շահումեանի ենթաշրջանի ներկայացուցիչները) կողմէ Արցախի Անկախութեան հռչակագիրը` 2 սեպտեմբեր 1991-ին, իսկ չորրորդը` նոյնինքն Հայաստանի անկախութեան հռչակումը, 21 սեպտեմբեր 1991-ին: Այլ պատմական իրագործումներ այս հիմնական հանգրուաններուն լրացուցիչի բնոյթ ունին:

Մեր քննարկումը սկսելէ առաջ շեշտենք, որ անկախութեան վերահաստատումէն աւելի քան տարի մը առաջ որդեգրուած հռչակագիրը որդեգրուած է ո՛չ միայն իբրեւ սահմանադրութեան ԱՆԲԱԺԱՆԵԼԻ ՄԷԿ ՄԱՍԸ, այլ նաեւ` նոյնինքն ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՔԸ: Շատ յստակօրէն արձանագրուած է, որ հռչակագիրը սահմանադրութեան հիմքն է. աւելի՛ն, երկու փաստաթուղթերը անքակտելի են, ինչ որ կը նշանակէ, թէ առանց մէկուն` միւսը կ՛իմաստազրկուի, առ նուազն իր իմաստէն ու արժէքէն մեծ բան կը կորսնցնէ: Հետեւաբար անկախութեան յիշատակման օրը (սակայն ո՛չ միայն այս օրը), ամէն բանէ առաջ, այս պատմական փաստաթուղթերուն արժէքը գիտակցելու պահ է:

Հնարովի Վէճ

Վերջին տարիներուն, ու մասնաւորապէս այն հանգրուանէն ետք, երբ Հայաստանի ՔՊ-ական իշխանութիւնը Արցախի ամբողջութիւնը «վերջնականապէս» նուիրեց Ազրպէյճանին (Հայաստանի հողերէն զիջումը` այլ պատմաշար), աւելի՛ ու աւելի՛ հնչեղութիւն ստացած է Հայաստանի սահմանադրութեան ո՛չ միայն վերատեսութեան, այլ անոր ՓՈՓՈԽՄԱՆ հարցը, որ յառաջ կը քշուի իշխանականներուն կողմէ: Ստեղծուած է հնարովի վէճ մը, որ ո՛չ մէկ խարիսխ ունի, եւ ամէնէն մակերեսային քննարկումն իսկ փուլ կը բերէ այդ վէճը (ինչպէս` ՔՊ-ականներու շատ մը «իրագործումները»):

Անմիջապէս արձանագրենք, որ որեւէ երկրի սահմանադրութիւն քարացած փաստաթուղթ չէ, անոր մէջ կարելի է յաւելում կատարել, որոշ յօդուածներ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ենթարկել, սակայն նման քայլեր կը բխին, պէ՛տք է բխին երկրին ապրած բնական (քաղաքական թէ այլ) զարգացումներէն: Այսուամենայնիւ, հոն կան այնպիսի՛ սկզբունքներ, որոնց հպիլ` կը նշանակէ վտանգի ենթարկել նոյնինքն անկախութիւնը, պետութի՛ւնը:

Այս հաստատումները լուսաբանելու համար անհրաժեշտ չենք զգար ցանկագրելու մեծ ու փոքր երկիրներու սահմանադրութիւններուն մէջ մերթ ընդ մերթ կատարուած փոփոխութիւնները, սահմանադրական արժէք ունեցող` ազգային ուխտերու բարեփոխութիւնը (օրինակ` Լիբանանի մէջ Թաէֆի համաձայնագիրով իրականացած փոփոխութիւնները): Նման փոփոխութիւններ, կրկնենք, առաւելաբար բխած են տուեալ երկիրներու ՆԵՐՔԻՆ իրավիճակներու կրած ԲՆԱԿԱՆ փոփոխութիւններէն (հոգ չէ թէ որոշ փոփոխութիւններ ստեղծուած են տագնապներու պատճառով), մինչդեռ Հայաստանի պարագային, աղաղակող է արտաքին ազդեցութիւն մը` թուրք-ազերիական պահանջը, որ, յամենայն դէպս, չէ սահմանափակուած սահմանադրութեան փոփոխութեան պահանջով, այլ կան մեծ ու «մանրիկ» պահանջներու անվերջանալի ցանկեր:

Բացայայտ է, որ այս փոփոխութեան պահանջին «շան գլուխը» թաղուած է Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրին (*) մէկ քանի յօդուածներուն մէջ, որքան ալ որ ՔՊ-ապետն ու լծակիցները` թշնամիին լուծին ստրկացածները, փորձեն համոզել, թէ այդպէս չէ: Փաստերը աւելի՛ քան աղաղակող են: Եւ որպէսզի ընթերցողս իր յիշողութեան եւ իմացական կալուածին մէջ կարենայ քով-քովի բերել դիպաշարին ամբողջութիւնը, ապա դատողութիւն ու բանականութիւն վերականգնելով` տեսնէ ամբողջական պատկերը, այս սիւնակին մէջ հպանցիկ փորձ մը պիտի ընենք «բզիկ-բզիկ» ընելու հռչակագիրը, մատնացոյց ընելու, թէ ատիկա ծննդեան օրերուն ի՛նչ տեսլական ու կամք կը ցոլացնէր եւ այսօր ինչպիսի՜ ներածեալ այլանդակութիւններու խաղալիք է դարձած: Նոյնը կարելի է ընել սահմանադրութեան (**), որ նմանապէս կը փորձուի խաղալիքի եւ իրողական բնաջնջումի ենթարկել շինծու պատճառաբանութիւններով, մի՛շտ թշնամիին ներկայացուցած պահանջներով, սակայն նման ճիգ չափազանց երկար պիտի դարձնէ այս սիւնակը: Կը բաւականանանք հռչակագիրով, որովհետեւ, ինչպէս պիտի տեսնենք, Հայաստանի քայքայման դիտաւորութիւնը զայն ջնջուած տեսնելու թուրք-ազերիական պահանջին կիզակէտն է, այլապէս կը խտացնէ սահմանադրութեան ամէնէն հիմնական տարրերը:

Արդար ըլլալու համար պէտք է արձանագրենք, որ հռչակագիրի այս կամ այն յօդուածի խախտումներ տեղի ունեցած են նախորդ վարչակարգերու օրերուն ալ, սակայն այն, ինչ որ կը հրամցուին իբրեւ նիկոլական գիւտեր, կարելի է կարճ խօսքով բնութագրել հետեւեալ ձեւով. անկախութեան` Հայաստանի ու Արցախի անկախութեան հռչակումը կանխողները բթամիտ մարդիկ էին, Հայաստան պէտք ունէր «ազգընտի՜ր» ՔՊ-ապետին եւ իր բանիմա՜ց գործակիցներուն, որպէսզի տեսնէր, թէ նոյնինքն անկախական բոլոր քայլերը, մեր ազգի բոլոր իրաւունքներուն տիրութիւն ընելու փորձերն ու պայքարները ի սկզբանէ անիմաստ եւ ապարդիւն բաներ էին, հիմա պէտք է «անիւին գիւտը» նոր-նոր կատարել, վերափոխութեան` «բարեփոխութեան» ենթարկել ո՛չ միայն սահմանադրութիւն ու Անկախութեան հռչակագիր, այլ ամբողջ երկիրն ու ազգը, ներառեալ Եկեղեցին, բանակը, քաղաքական համակարգը, տնտեսութիւն ու մշակոյթ, եւ ամէն բան համակարգել ու պատշաճեցնել «նոր Հայաստան»-ի պատկերացումին, որ կոչուած է ըլլալու «խաղաղութեան խաչմերուկ»-ին առանցքն ու հիմնաքարը: Վախճանական նպատա՞կը… Թշնամիին համաթուրանական դարաւոր ծրագիրին իրագործման ամբողջացումը` ՔՊ-ականներու գործակատարութեամբ: Այս մասին որեւէ հակաճառութիւն կը նշանակէ լծակից ըլլալ դաւին ու զայն իրականացնող վարչախումբին:

Հռչակագիրն Ու «Մասնիկներ»-ը

Սահմանադրութեան իբրեւ ՊԱՐՏԱԴԻՐ ՆԱԽԱԲԱՆ ընդունուած հռչակագիրը ընդամէնը 12 կէտէ բաղկացած է: Վերջին տարիներու քննարկումները` պատմաբաններու, քաղաքական մարդոց, օրէնսգէտներու եւ այլ ոլորտներու մեկնաբաններու կողմէ, հարկադրաբար իբրեւ նիւթ ու առանցք ունին «զգայուն» յօդուածները: Ըստ օրուան թելադրանքին, վեր կ՛առնուին այս կամ այն կէտը: Օգտակար է այդ «մասնիկներ»-ը վերստին տեսնել ամբողջական պաստառի վրայ եւ կատարել դատողութիւններ` մեկնելով հայրենիքին, ազգին ու ժողովուրդին, ներառեալ սփիւռքի հայութեան քաղաքական կամքէն ու, ինչո՞ւ չէ, արդար զգացումներէն (եւ թող ո՛չ ոք փորձէ մեզ համոզել, որ քաղաքական քննարկումներու մէջ զգացականը պէտք է ամբողջովին դուրս վանել): Կարգ մը բաժիններուն քննարկումը երկար մեկնաբանութեան ու բացատրութեան չեն կարօտիր, ինչպէս` առաջին մէկ քանի կէտերը: Յամենայն դէպս այս նեղ սիւնակները առիթ չեն տար լայնածիր ու սպառիչ քննարկումի:

Մտնենք հռչակագիրին մէջ:

Ընդհանուր Սկզբունքներ

1-4 յօդուածներուն մէջ կը սահմանուին հանրապետութեան պաշտօնական անունը, ինքնիշխան ըլլալու հանգամանքը, կ’ըսուի, թէ հայրենիքին ու անոր համակարգին տէրը ժողովուրդն է, երկրին բոլոր բնակիչները, անկախ այս կամ այն պատկանելիութենէն, կը վայելեն հաւասար իրաւունք, սփիւռքահայերը իրաւունք ունին դառնալու քաղաքացի:

Երկար բացատրութեան չի կարօտիր ինքնիշխանութեան իրաւունքը, նաեւ այն, որ այս իրաւունքը ինչպիսի՜ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ:

Իրարու հաւասար ըլլալու քաղաքացիներուն իրաւունքը, ինչպէս անցեալին, մասնաւորաբար ներկայիս դարձած է թէական. յաճախ կը յիշենք Ճորճ Օրուէլի մէկ նշանաւոր խօսքը. «Բոլոր կենդանիները իրարու հաւասար են, սակայն կարգ մը հաւասարներ աւելի՛ հաւասար են». այս «կարգ մը հաւասարներ»-ը, բնականաբար, իշխանականներու դասն է ու անոր անմիջական շրջապատը` համակարգին գրեթէ բոլոր բնագաւառներուն մէջ. ժողովրդային արտայայտութեամբ` «խնամի-ծանօթ-բարեկամ»: Եթէ Օրուէլ այսօր ապրէր, բազմաթիւ այլ երկիրներու մէջ ստեղծուած «հաւասարապետութեանց» շարքին պիտի տեղադրէր նաեւ ՔՊ-ական Հայաստանը:

Զգայուն Հարցեր. Ուժական Միաւորներ

5-րդ կէտը առաջին «զգայուն» հարցին կը վերաբերի, այսինքն` զինուժին, ներքին զօրքերուն (ոստիկանութիւն) եւ անվտանգութեան մարմիններուն, որոնք կը նկատուին երկրի ապահովութեան պահակները: Սա ինքնաբերաբար կ՛ենթադրէ, որ այս միաւորները պիտի ծառայեն հայրենիքին ու ժողովուրդին, պիտի պաշտպանեն զայն, դէմ պիտի կանգնին թշնամական որեւէ արարքի, թափանցումի, դաւադրութեան: Այս պայմանները մեծ չափով, թէեւ` ո՛չ անթերի, պահպանուած էին մինչեւ այս իշխանութեան «դարաշրջան»-ին բացումը. ինչ որ տեղի ունեցաւ եւ կը շարունակուի մանաւանդ 44-օրեայ պատերազմէն ասդին, յստակ է. բանակը իրողապէս ջախջախուած է եւ միայն անուանական կերպով հոգածութիւն կը վայելէ (չմտնենք ներքին խնդիրներու մէջ, որոնց շարքին` անիմաստ սպանութիւններ եւ այլն), զինումը առ նուազն կը կաղայ, եւ անոր մասին ցնորքներ կը տարածուին, պիւտճէն կը կրճատուի, ծառայութեան ժամանակը կը կրճատուի. անդին, Ազրպէյճան սրընթաց կը սպառազինուի, կը յայտարարէ, որ այս տարուան պիւտճէին աւելի քան 20 առ հարիւրը բանակին պիտի տրամադրէ (չարաշահութիւն, փտածութիւն` այլ հարցեր են), Թուրքիոյ հետ միացեալ զինավարժութիւնները աւելի՛ յաճախակի դարձած են. այս բոլորը ՔՊ-ականներու համար մինչեւ իսկ «ջուրի ձայն» չեն, կ՛երեւակայեն, որ նման բաներ մեզի հետ կապ չունին, չէ՞ որ կան Իրանն ու Ռուսիան, որոնց հակադրուած է նաեւ… Իսրայէլ): Բանակին պաշտպանական դերը կը ներկայացուի իբրեւ… ամենայետինը, թէեւ որեւէ առաջնային բան չ՛իրականանար, բացի… հետեւողական զիջումներէն: Ներքին ապահովութեան ուժերը կը պաշտպանեն միայն  իշխանապետն ու գործակիցները, ոտնատակ կ՛ընեն ժողովուրդ ու ընդդիմադիրներ, նահատակներու ծնողներ, իսկ անվտանգութեան այլ կառոյցներ դարձած են իշխանութեան վարքագիծը կիրարկողներ, քարոզողներ, այդ վնասարար քայլերը նաեւ դրացիներուն կլլեցնել փորձող… «հանճարներ»:

Այս ոլորտն ալ բացայայտօրէն նկատի ունի թուրք-ազերիական ճակատէն հասնող պահանջները. Ալիեւ շատո՜նց ըսած է ու բազմիցս կրկնած, թէ Հայաստան բանակի եւ սպառազինութեան պէտք չունի: Ի վերջոյ, մարդը կը ծրագրէ ամբողջ Հայաստանն ալ կուլ տալ` Արցախին պէս, հոս ալ կը կիրարկուի մաս առ մաս գրաւելու քաղաքականութիւն. ու եթէ թշնամիին այդ ծրագիրը յաջողի, Հայաստանն ա՛լ պաշտպանական ուժերու կամ զէնքի կարիք պիտի չունենայ (ուրեմն` ի՞նչ պէտք կայ նաեւ հռչակագիրին ու սահմանադրութեան), որովհետեւ այդ պարտականութիւնը մե՜ծ փութկոտութեամբ պիտի կատարեն թշնամիին ուժերը, Փաշինեանի` «Արդէն իսկ խաղաղութիւնը եկած է, խաղաղութեան մէջ կ՛ապրինք»-ը պիտի զգենու իր իրական խորութիւնը, ճի՛շդ այնպէս, ինչպէս խաղաղութիւնը ամբողջական դարձաւ Արցախի մէջ` բռնակցումով ու հայաթափումով… Իսկ թէ Պաքուի մէջ պատանդ մնացող ու շինծու դատավարութեան ենթարկուողներուն տեղը ո՞ւր է հռչակագիրին ու սահմանադրութեան լոյսին տակ, այդ ալ ընթերցողս թող որոնէ:

Զգայուն Կէտ. Դիւանագիտութիւն

6-րդ կէտը նոյնքան կարեւոր է եւ համաչափօրէն… ոտնակոխ դարձած: Հոն կ՛ըսուի, որ Հայաստան ունի անկախ արտաքին քաղաքականութիւն, ի՛նք կ՛որոշէ նախկին խորհրդային եւ այլ երկիրներու հետ իր յարաբերութիւններուն եւ գործակցութեան սահմանները, միջազգային կազմակերպութեանց անդամակցելու քայլերը (յիշեցում` հռչակագիրին որդեգրման օրերուն Խորհրդային Միութիւնը չէր քայքայուած): Պէտք ունի՞նք երկար-բարակ բացատրելու, թէ այս կէտը ինչպիսի՜ կամայականութեանց եւ միակողմանի շահերով առաջնորդուող կալուածի վերածուած է: Սկսելով արտաքին գործոց նախարարի վարմունքէն (մերթ հակաթուրք արտայայտութիւններ, երբեմն վարչապետին «տեսութիւնները» ջրողի յայտարարութիւններ, սակայն հետեւողականօրէն… ՔՊ-ական վարքագիծ կիրարկող)` մինչեւ դեսպաններն ու միջազգային տարբեր ժողովներու մէջ ներկայացուցիչները: Դեսպան կը նշանակուին դիւանագիտութեան հետ աղերս չունեցողներ, զիրար կը փոխարինեն իրերանման «յատկանիշներու» հիմամբ, մինչեւ իսկ եւրոպական եւ այլ ժողովներու մէջ կը գործեն… Հայաստանի ու Արցախի շահերը պաշտպանողներու դէմ (արդար ըլլանք. անիմաստ նշանակումները միայն դիւանագիտական դաշտին մէջ չեն): Ինչո՞ւ, որովհետեւ այդ իմաստով լուռ հրահանգներ ստացած են եւ կը ստանան Թուրքիայէն ու Ազրպէյճանէն, կը հետեւին «զանոնք պէտք չէ զայրացնենք»-ի (ան)տրամաբանութեան: Կարելի՞ է Սերտար Քըլըճի` Հայաստան վերջին այցելութիւնը չտեսնել նման վարքագիծի` հրահանգներ բերողի բովանդակութենէն դուրս, իսկ ատիկա միայն նորագոյն փաստ էր: Եւ ի՞նչ. «հանճարե՜ղ» Ռուբինեան մը կ՛աւետէ, որ բացուած հատորին մէջ շուտով նոր էջեր պիտի արձանագրուին` Հայաստանի եւ Թուրքիոյ մէջ փոխն ի փոխ հանդիպումներով, իսկ Թուրքիա կ՛աւետէ, որ Հայաստանի հետ (կրկներեւութային) խաղաղութիւնը կրնայ հաստատուիլ 2026-ի սկիզբներուն: Արդեօք սա կը նշանակէ՞, թէ ՔՊ-ականները մինչ այդ ամբողջացուցած պիտի ըլլան պահանջուած ԲՈԼՈՐ զիջումները… Ահազանգը քանի՞ գոյն կ՛ունենայ:

Զգայուն Կէտ. Տնտեսութիւն

7-րդ յօդուածը, ըստ էութեան, «ներքին», անմիջականօրէն տնտեսական քաղաքականութեան մաս կը կազմէ: Հոն կ՛ըսուի, որ հայրենիքին հողը, ջուրը, օդը, ընդերքի հարստութիւնները` բոլո՛ր կարողականութիւնները ժողովուրդին սեփականութիւնն են (արագ նշում մը ընենք. սա Դաշնակցութեան ծննդեան օրերէն իսկ որդեգրուած սկզբունք է), անոնց յանձանձումը կը կատարուի համապատասխան օրէնքներով: Օրէնքը` օրէնք, սակայն ՄԵՆԱՇՆՈՐՀՆԵՐԸ, տնտեսութեան այս կամ այն կալուածին նկատմամբ անտարբերութիւնը (որոշ շրջաններու կրած վնասները` կարկուտի կամ նման բնական պատուհասներու պատճառով, միայն ձեւական հոգածութիւն կը գտնեն իշխանականներու քով), կամայական կարգադրութիւնները (օրինակ` ջրաբաշխումի մէջ ալ կիրարկուող` «ոմանք աւելի հաւասար են քան ուրիշներ» դրութիւնը) եւ այլ մենաշնորհներ, աւելի՛ն, երկրի կարողականութեան փճացում ու վարկի նահանջ ունին իրենց «փառաւոր» պատմութիւնները, հատորները (այս կամ այն շահակցական ընկերութիւն, այսպէս կոչուած` հիմնադրամներ եւ այլ): Եւ ինչպէս բազմաթիւ այլ դաշտերու մէջ, հոս ալ կայ տեսութեան եւ իրականութեան միջեւ անհաշտութիւն, հակոտնեայ վիճակ, որ կարելի է սեղմել մէկ կարճ արտայայտութեամբ` «Օրէնքը ո՞ւր, գործադրողը ո՞վ, օգտուողն ու վնասուողը` որո՞նք…»: Իսկ վնասողը այն ժողովուրդն է, զանգուածը, որ հռչակագիրով շահած էր յիշեալ բոլորին տիրութեան իրաւունքը. չմտնենք այլ մանրամասնութիւններու մէջ, ինչպէս` բնական հարստութեան օտարներու նուիրաբաշխումը, իշխանաւորներու բաժնեկցութիւնը` այս կամ այն անուան տակ, հեռու մնանք նաեւ այն «նախկիններէն», որոնց դէմ «թաւշականները» բացին առաջին պայքարը եւ յետոյ, քայլ առ քայլ դարձան անոնցմէ շատերու գործակիցը, լուռ հովանաւորեալները…

8-րդ կէտը ուղղակի աղերս ունի տնտեսութեան հիմնական դրոյթներուն հետ`  սեփականութեան տնօրինում, սեփական դրամի, դրամատուներու, ֆինանսական, հարկային եւ մաքսային համակարգի հարցերու սահմանները: (Ի դէպ, մաքսայինի հարցը աւելի՛ դիպուկ եւ զգայուն դարձաւ վերջերս «Թրամփի ուղի»-ին վերաբերող որոշ ծալքերու բացայայտման ճամբով):

Փակագիծ մը բանալով` յիշատակենք, որ կար ժամանակ, երբ սեփական դրամ ունենալը անկախ երկիր ըլլալու հիմնական պայմաններէն մէկն էր, յետոյ եկան միացեալ դրամի օրերը, ինչպէս` եւրոյի որդեգրումը, հոս-հոն իրողական «տոլարացումը», սակայն խորքային իմաստը մնաց անփոփոխ: Փակենք փակագիծը:

Յիշեալ մասնիկներուն մէջ սեփականութեան եւ ազատ տնտեսութեան վերաբերող ակնարկութիւնները, կը հաւատանք, չեն տեղադրուած նախորդ կէտին հակադրուելու կամ զայն ժխտելու տրամաբանութեամբ, այլ անհատի նախաձեռնութիւնը քաջալերելու, հիմնականին մէջ` փոքր ու միջին տնտեսական «սարքերը» բարելաւելու, անոնց զարկ տալու մտասեւեռումով: Հիմա՞… Փոքր տնտեսութիւնը մեծ վերիվայրումներ կ՛ապրի «հզօրներու» քմայքներուն պատճառով, դրամատուները դարձած են իշխանականներն եւ անոնց ընտանիքները «աւելի հաւասար են» դիտողներ, որոշ չափով նաեւ «քաղաքավար կողոպուտ»-ի հիմնարկներ… Այս դրութեան դէմ զանգուածները յաճախ կը մատնուին անզօրութեան, սեփականազրկումի եւ… կը բռնեն արտագաղթի ճամբան: Կան նաեւ այլ «մանրուքներ», որոնց թւումն իսկ անհարկի չափով պիտի երկարէ այս սիւնակը:

Ազատութիւններ. Ժողովրդավարութիւն

9-րդ կէտը կ՛երաշխաւորէ խօսքի, մամուլի, խիղճի եւ կուսակցութիւններու ազատութիւնը: Այս հասկացողութիւնները ուղղակի աղերս ունին ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ կոչուած Արժէք-ին հետ: Նախորդ իշխանութիւններու օրերուն ալ այս կալուածը յաճախ խոցելի պատկեր ցոլացուցած է (աղաղակող օրինակ մըն էր Դաշնակցութեան խափանումը եւ պատասխանատուներու բանտարկութիւնը): Ներկայիս, այսինքն` ՔՊ-ականներու «թաւշեայ» Հայաստանին մէջ, Դաշնակցութիւնը հաճոյքով չի դիտեր այն, որ հալածանքի եւ բռնադատութիւններու ենթարկուողը միայն ինք չէ: Խօսքի ազատութիւն ըսուածը դարձած է քմայքի խաղ. իշխանականներուն ուղղուած փոքրագոյն քննադատութիւններն անգամ քննադատողը կը դարձնեն հալածանքի ենթակայ, կը կալանաւորուի, դատարան կը տարուի բացարձակապէս անհիմն ու երեւակայածին մեղադրանքներով: Հոս ալ խտրական վերաբերմունք չկայ: Բռնադատուողը կրնայ ըլլալ քաղաքական մարդ, տնտեսութեան մէկ յենարանը, ընդդիմադիր կուսակցութեանց ու միաւորներու անդամներ, մինչեւ իսկ` կրօնական առաջնորդներ, շարքը կրնայ հասնիլ… կաթողիկոսին: Եւ ինչպէ՞ս չյիշել կասկածամիտ ու հալածախտէ տառապող սուլթան Համիտը, որուն օրով կար տաժանելի գրաքննութիւն մը. գրողներուն արգիլուած էր գործածութիւնը շարք մը բառերու, որովհետեւ անոնց միջոցով լուռ քննադատութիւններ կրնային ուղղուիլ «կարմիր» բռնակալին…

Դարձեալ փոքր փակագիծ մը բանանք. կաթողիկոսին դէմ հալածանքը վերստին սաստկացաւ, երբ ան Արցախի եւ արցախցիներու, ներառեալ կալանաւորներու ձայնը բարձրացուց միջազգային բեմէ մը: Հիմա, երբ ան դարձեալ նման առաքելութեամբ մը Վատիկան գնաց եւ տեսակցեցաւ պապին հետ, զարմանալի պիտի չըլլայ, եթէ «կաթողիկոսը պէտք է հեռանայ»-ի պահանջը մտնէ գործնական փուլ:

Մնանք ժողովրդավարութիւն կոչուած Արժէքի դաշտին մէջ. սա ամէն բանէ առաջ կ’ենթադրէ իշխանութեան երեք թեւերուն միջեւ հաւասարութեան եւ փոխադարձ վերահսկողութեան սկզբունքի յարգումը: ՔՊ-ական Հայաստանին մէջ օրէնսդի՛րն ալ, գործադի՛րն ալ, դատակա՛նն ալ կեդրոնացուած են նորօրեայ բռնապետին ձեռքին մէջ, շա՜տ ու շա՛տ այլ կալուածներու կողքին: Ան ճակատաբաց կը յայտարարէ, որ ո՛չ մէկ դատաւոր կը համարձակի իր կամքին հակառակ վճիռ արձակել, պաշտօնէ կը հեռացնէ «շեղող» դատաւոր, նախարար, Ազգային ժողովի անդամ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ` վարչամեքենայի աւելի ստորին դասերու պաշտօնեաներ, համալսարաններու դասախօսներ, մինչեւ իսկ դպրոցներու տնօրէններ, ձեռքը կը հասցնէ թատրոն ու երաժշտական հիմնարկներ: Հայաստանը «ժողովրդավարութեան պասթիոն» հռչակողը կրնայ ձեռքերը երկարել մինչեւ պարզ աշխատաւորներ, աւելածուներ ու աղբահաւաքներ (բոլորն ալ այլապէս յարգելի աշխատողներ):

Մշակոյթ Եւ Ինքնութիւն

10-րդ կէտով հայերէնը կը հռչակուի պետական լեզու, կ՛առնուի հոգածութեան տակ, իր յարակից կալուածներուն` կրթութեան եւ մշակոյթին հետ: Իսկ հիմա, այսինքն` ՔՊ-ականներու իշխանութեան հասնելէն ասդին, ի՞նչ վիճակ ստեղծուած է այս կալուածներուն մէջ: Բաւականանանք միայն գլխաւորներուն արագ յիշատակումով.

Մեր լեզուն ամենայն անգթութեամբ կ՛աղաւաղուի մերթ գռեհկաբանութիւններով, սակայն համատարած կերպով` օտարաբանութիւններու յարաճուն տողանցքով, որուն, ի դէպ, մասնակից են գրեթէ բոլորը` քաղաքական մարդիկ, պատմաբաններ եւ… լեզուագէտներ: Լեզուի հոգածութեան պարտականութիւնը յանձն առած մարմիններու կայքէջերն անգամ ծանրաբեռնուած են օտարաբանութիւններով: Չերկարենք:

Մեր մշակոյթի տարբեր կալուածներէն ներս իբր թէ անզգալաբար կը սողոսկի «նոր Հայաստան»-ի տեսութիւնը. պատմութեան ու լեզուի դասագիրքեր կը վերախմբագրուին (հաւատացէ՜ք, որ թուրքերը հոս ալ մատ չունին…), Եկեղեցին կը դառնայ խծբծանքի առարկայ, որովհետեւ ՔՊ-ապետը ինքզինք հռչակած է նա՛եւ կրօնական հարցերու մասնագէտ-օրէնսգէտ, սուրբգրային մէջբերումներ կը կատարէ` «նսեմացնելով» նոյնինքն կրօնաւորները: Այս տագնապը ունի նաեւ ցաւցնող «պոչիկներ». մշակութային ժառանգութիւնները ընդհանուր առմամբ անհոգութեան մատնուած են, վաղը կրնան ուղղակի թիրախաւորուիլ, ալ ի՞նչ խօսք` Արցախի մէջ ժառանգութիւններու փոշիացման դիմաց լուռ համակերպուածութեան մասին:

Գլխաւոր Կիզակէտը

11-րդ կէտը ամէնէն «զգայունն» է եւ թշնամիին թիրախներէն գլխաւորը, սահմանադրութեան փոփոխութեան յանկերգին կիզակէտը: Հոն արձանագրուած է, որ իշխանութիւնը ՍԱՏԱՐ ՊԻՏԻ ԿԱՆԳՆԻ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՃԱՆԱՉՄԱՆ: Լռելեայն կը հասկցուի նաեւ` մեր բոլոր հողերուն եւ կորուստներուն վերատիրացման պայքարին:  Թուրքիա տասնամեակներ շարունակ կը վարէ իր` պետական ոճիրը ուրանալու վարքագիծ, աշխատած է (սակայն առհասարակ չէ յաջողած) խափանել հայութեան արդարատենչ պայքարը, որ մինչեւ անկախութեան վերականգնում` իր ճիտին պարտքը ըրած է սփիւռքը` իր կուսակցութիւններով ու համայնքային հաստատութիւններով: Ցեղասպանութեան 50-ամեակի օրերուն Հայաստանի մէջ բարձրացած «Մեր հողե՛րը, մեր հողե՛րը» կանչերն ու յուշարձանները առաջին արձագանգներն էին այդ պայքարին (յուշարձանները եւ կոթողներ հիմա կը թիրախաւորուին): 11-րդ կէտը` իբրեւ պետական ուղեգիծ, կ՛որդեգրէր զուգընթաց պայքարը եւ զայն կ՛ամրագրէր հռչակագիրով:

Թուրքիա եւ պաշտպանեալը` Ազրպէյճան, առաջին իսկ օրէն ահազանգի մատնուած էին հայութեան միաձայն յառաջխաղացքին ի լուր, սաստկացուցած էին իրենց հակաքարոզչութիւնը, հսկայական գումարներ տրամադրած` ժխտողականութեան եւ ուրացման ջաղացքը դարձնելու համար: Մինչեւ ՔՊ-ականներու «դարաշրջան», թշնամիին ճիգերը իր ցանկացած արդիւնքին չէին հասած: ՔՊ-ական կեղծ հայրենասէրներն անգամ առաջին շրջանին հետեւած էին «նախկիններու» ընթացքին. «Արցախը Հայաստան է եւ վե՛րջ» բացագանչութիւնը, Արցախի ժողովուրդին իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը եւ ընդհանրապէս թուրք-ազերիին ցեղասպանական դիտաւորութեանց բացայայտումը շողացած էի հայկական երկնակամարին վրայ` ապահովելով համընդհանուր զօրակցութիւն եւ համակրանք: Յետո՞յ… հիմա՞… Արցախը ո՛չ միայն պաշտօնապէս նուէր տրուած է Ազրպէյճանին, Հայաստանէն հողաշերտեր կը մատնուին (եւ պիտի մատնուին) Արցախի ճակատագիրին, այլ հոս ալ կան «պոչիկներ». ԱՆԿԱԽ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ յատկանիշները նօսրացումի եւ մաշումի կը մատնուին, օր մը` «Թրամփի ուղի»-ին արտապատուիրակումով, այսինքն` գործնապէս եւ իրողապէս հայկական զգայուն մէկ գօտիին վրայ գերիշխանութիւնը խնդրական դարձնելով (թող հազար ու մէկ պատմուճանով սքողեն եղածը, իրականութիւնը կը մնայ դառն ու անընդունելի), ուրիշ օր մը` Արարատի հանդէպ ուրացումով եւ սահմանային կէտերու կնիքներէն անոր պատկերին ջնջումով, Արեւմտեան Հայաստանի դատէն ձեռք քաշելով ու զայն սփիւռքի ճիտին նետելով, առանց մոռնալու այն հալածանքներն ու ատելութեան քարոզները, որոնց թիրախ են մեր Դատի պաշտպանները` ընդդիմադիր պատգամաւորներ, քաղաքական դէմքեր, Հայ դատի գործիչներ, մինչեւ անգամ կրօնական առաջնորդներ, սկսելով կաթողիկոսէն (պիտի զարմանա՞ք, եթէ շուտով թիրախ դառնայ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը կամ ուրիշներ):

Եւ, ըստ էութեան, ճիշդ ա՛յս կէտն է, որ հիմք կը ծառայէ «սահմանադրութիւնը պէտք է փոխուի» պահանջին: ՔՊ-ական Հայաստանէն առաջ, եւ անոր զուգընթաց, պահանջը հրապարակ նետուեցաւ ու կը կրկնուի Թուրքիոյ ու Ազրպէյճանի կողմէ: Ուաշինկթընեան պայմանագրութենէն ետք ալ Պաքու եւ Անգարա բազմիցս յիշեցուցած են, որ Հայաստան տակաւին «տնային պարտականութիւններ» ունի խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրումէն առաջ: «Տնային պարտականութիւններէն» առաջինը ահա այս կամքով բանաձեւուած հռչակագիրին ի սպառ ջնջումն է, անոր կը հետեւի պահանջներու «մարգարտաշար» մը, որուն օղակները կը սկսին ազերիներու Հայաստան «վերաբնակեցման» նախապատրաստութիւններով, միջազգային ատեաններէ հայկական արդար պահանջներու յետս կոչումով (Երեւանի իշխանաւորները այդ ճամբուն մէջ մտած են, Մինսքի խումբին լուծարման խնդրագիրը ասոր մէկ արտայայտութիւնն է), բայց… չհաւատա՜ք, որ այս բոլորը կ՛ըլլան թշնամիին պահանջով. վախճանական նպատա՞կ` Հայաստանի վերնալը:

12 կէտը կնիքի արժէք ունի. կը հաստատէ, որ այս հռչակագիրը հիմք պիտի ծառայէ սահմանադրութեան, որ մշակուեցաւ քանի մը տարի ետք, նոյն ոգիով, իսկ աւելի ուշ, բնական կարգով որոշ բարեփոխութիւններ կրեց` առանց հեռանալու էական սկզբունքներէն: Նոյն տրամաբանութեան հետեւողութեամբ էր, որ վճռուեցան շատ բան, ինչպէս` Հայաստանի օրէնքին գերակայութիւնը` ընդդէմ դուրսէն թելադրուողներու, անդրանիկ հանրապետութեան խորհրդանիշներուն` եռագոյն դրօշին, զինանշանին վերականգնումը, դիւանագիտական ցանցի ստեղծումը. յիշեցնենք, որ այս ալ կը հետեւէր անդրանիկ հանրապետութեան մէկ իրագործումին, երբ Հայաստանի Հանրապետութիւնը դիւանագիտական ներկայացուցիչներ ունեցաւ Ուշինկթընէն մինչեւ… Ճափոն եւ այլուր (կ՛արժէ յիշեցնել, որ բանակն ու համալսարանն ալ ժառանգուած էին անդրանիկ հանրապետութենէն): Հռչակագիրը կը տնօրինէր, որ այս փաստաթուղթը, որ, ինչպէս ըսինք, հիմնաքարը պիտի ըլլար սահմանադրութեան:

Եզրակացնենք

Յաւակնութիւնը չունինք, որ մեր քննարկումը սպառիչ է, կարելի է դեռ շա՜տ բան ըսել, մատնացոյց ընել: Մեր ապրած իւրաքանչիւր օրը ՔՊ-ականներու պարտուողականութենէն եւ թշնամիին քմահաճոյքներուն ընթացք տալէն նորութիւններ կը բաշխեն մեզի: Այսուամենայնիւ, կը հաւատանք, որ ամէնէն փաշինեանասէրն անգամ, եթէ վերջնականապէս չէ պարպուած հայրենիքի տէր ըլլալու կամքէն, նման ուրուագծային եւ ընդգրկուն ակնարկէ ետք, պիտի կարենայ տեսնել, թէ Հայաստանի եւ հայութեան այսօրը ի՛նչ պատկերներով կը ներկայանայ անկախութեան վերականգնումի 34-րդ տարեդարձի օրերուն: Ան ալ պիտի ձայնակցի Պատկանեանի սքանչելի երգին ու կրկնէ «Երնէկներ»-ը, նաեւ` «այդ բոլորը կը կատարուին»-ը:

Խոստովանինք, որ այս բոլորը նորութիւն չեն, այս մասին բանգէտներ եւ ընդդիմադիրներ յաճախ շատ աւելի խորաթափանց քննարկում եւ լուսաբանութիւն կու տան, ահազանգը կը զօրանայ ամէն քայլափոխի:

Աւելորդ չենք նկատեր կրկին ու կրկին արձանագրել, որ Հայաստանն ու մեր ազգը գահավիժումէ գահավիժում տանող վարչախումբը կը գործէ մեր թշնամիներուն հրահանգներով, ամէն քայլափոխի ոտնատակ կ՛ընէ սահմանադրութի՛ւնն ալ, հռչակագի՛րն ալ, օրէ՛նքն ալ, ժողովրդավարութի՛ւնն ալ, ազգն ու հայրենիքն ալ, անոր բոլո՛ր ստորոգելիներն ալ: Մէկ խօսքով, թշնամիին ծրագիրներուն սպասարկելով` կը քայքայէ Հայաստանը, կը կազմաքանդէ ազգի յիշողութիւնն ու իրաւատիրութեան կամքը: Միջանկեալ կը ստեղծէ կողմնակի հարցեր, ճամբայ կը հանէ սնանկ քարոզչութիւններ, որոնց վախճանական նպատակն է… շահիլ յառաջիկայ տարուան ընտրութիւնները: Ընդդիմադիրներ ալ ազգին հետ պատանդ դառնալով այս խաղին` մտած են կրկէս:

Մինչդեռ երկրին ու ազգին պահպանումը կարելի չէ կապել ընտրութիւններու հետ, որովհետեւ գիտե՛նք, որ անոնք պիտի կեղծուին, եւ ճիգ պիտի չխնայուի  իշխանաւորները պահելու երկրի ղեկին, որքա՛ն ալ որ վար ինկած ըլլայ անոնց վարկը: Պէտք չէ անտեսել, որ անոնք կը վայելեն թշնամիին ու շահակիցներուն յենարանները, իսկ դրսեցիներուն համար հռչակագիրը, սահմանադրութիւնն ու նոյնինքն անկախ պետականութիւնը ո՛չ մէկ արժէք կը ներկայացնեն: Մեր գլուխը պէտք է քերենք մեր եղունգներով:

Անկախութեան տօնը պարզապէս նոր հանգրուան է` հայրենիքի պաշտպանութեան, նոյնինքն անկախութեան ու պետականութեան պահպանման պայքարը մտցնելու վճռական փուլի մէջ, որպէսզի թուրք-ազերիական հաշիւները ձախողութեան մատնենք:

Այս սիւնակը պարզապէս վերաքաղ մըն է այն փաստերուն, որոնց հիմամբ, անյետաձգելի պահանջ է թշնամիին գործակատարը դարձած վարչախումբին հեռացումը, իսկ անոր ճամբան բոլոր ընդդիմադիրներուն միջեւ անվերապահ գործակցութեան տարազի մը ձեւաւորումն է, նոյնքան հրամայական է սփիւռքի յենարանին վերականգնումը: Նման գործի հիմնաքարն ու մեկնակէտը նոյնինքն հռչակագիրն ու սահմանադրութիւնն են: Քաղաքական ընթացիկ հակամարտութիւնները, այլապէս բնական` իրաւ ժողովրդավարութեան դիտանկիւնէն, կրնան սպասել` մինչեւ բնականոն երկրի մը եւ ի՛սկապէս անկախ պետութեան վերականգնումին յաջորդելիք փուլը… Այդ փուլը նաեւ մեկնակէտ պիտի ծառայէ մեր անկախ պետութիւնը հայապատկան բոլոր հողերուն վրայ տարածելու տեսլականին կենսագործման:

16 սեպտեմբեր 2025

 

(*) Հռչակագիրին ամբողջութիւնը տեսնել հետեւեալ կապով.

https://hy.wikipedia.org/wiki/%D5%80%D5%A1%D5%B5%D5%A1%D5%BD%D5%BF%D5%A1%D5%B6%D5%AB_%D5%A1%D5%B6%D5%AF%D5%A1%D5%AD%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%B5%D5%A1%D5%B6_%D5%B0%D5%BC%D5%B9%D5%A1%D5%AF%D5%A1%D5%A3%D5%AB%D6%80

(**) Սահմանադրութիւնը` հետեւեալ կապով.

https://hy.wikipedia.org/wiki/%D5%80%D5%A1%D5%B5%D5%A1%D5%BD%D5%BF%D5%A1%D5%B6%D5%AB_%D5%A1%D5%B6%D5%AF%D5%A1%D5%AD%D5%A1%D6%81%D5%B4%D5%A1%D5%B6_%D5%A3%D5%B8%D6%80%D5%AE%D5%A8%D5%B6%D5%A9%D5%A1%D6%81

Նախորդը

Անկախութեան Հռչակագիրէն Հանրաքուէ Եւ Անկախութեան Հռչակում

Յաջորդը

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ-ի Տղոց Պասքեթպոլի Խումբը Պատրաստ Է 2025-2026 Տարեշրջանին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?