21 սեպտեմբեր 1991-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդը (խորհրդարանը) հրապարակեց պատմական որոշում մը. «Որոշում Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման մասին»: Ահաւասիկ այդ որոշումը.
«Հաւատարիմ մնալով Հայաստանի անկախութեան մասին Հռչակագրին, յենուելով մարդու իրաւունքների եւ ազգերի ազատ ինքնորոշման միջազգային նորմերի վրայ,
«Նպատակ ունենալով ստեղծել ժողովրդավարական, իրաւական համակարգ, հիմք ընդունելով 1991 թուականի սեպտեմբեր 21-ի` ԽՍՀՄ կազմից դուրս գալու մասին անցկացուած հանրաքուէի արդիւնքները,
«Հայաստանի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդը հռչակում է Հայաստանի Հանրապետութեան անկախ պետութիւն»:
Ինչպէս կ՛երեւի որոշումէն, անկախութեան հանրաքուէն կատարուած է սեպտեմբեր 21-ին. Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդը գրեթէ միաձայն կողմ արտայայտուած էր անկախութեան: 21 սեպտեմբերը հռչակուեցաւ Հայաստանի անկախութեան տօն:
Անկախութեան մասին որոշումը կը յիշատակէ նոյն Գերագոյն խորհուրդին (ընտրուած 20 մայիս 1990-ին) 23 օգոստոս 1990-ին ընդունած «Անկախութեան մասին Հռչակագիրը»: Կ՛արժէ մէջբերել սոյն պատմական կարեւոր փաստաթուղթին նախաբանը:
«Հայկական ԽՍՀ Գերագոյն խորհուրդը, արտայայտելով Հայաստանի ժողովրդի միասնական կամքը,
«Գիտակցելով իր պատասխանատուութիւնը հայ ժողովուրդի ճակատագրի առջեւ համայն հայութեան իղձերի իրականացման եւ պատմական արդարութեան վերականգնման գործում,
«Ելնելով մարդու իրաւունքների համընդհանուր հռչակագրի սկզբունքներից եւ միջազգային իրաւունքի հանրաճանաչ նորմերից,
«Կենսագործելով ազգերի ազատ ինքնորոշման իրաւունքը,
«Հիմնուելով 1989 թուականի դեկտեմբեր 1-ի «Հայկական ԽՍՀ-ի եւ Լեռնային Ղարաբաղի վերամիաւորման մասին» Հայկական ԽՍՀ Գերագոյն խորհրդի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային խորհրդի համատեղ որոշման վրայ,
«Զարգացնելով 1918 թուականի մայիս 28-ին ստեղծուած անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդավարական աւանդոյթները,
«Խնդիր դնելով ժողովրդավարական, իրաւական հասարակարգի ստեղծումը,
«Հռչակում է անկախ պետականութեան հաստատման գործընթացի սկիզբը»:
Նախաբանին կը հետեւին 12 կէտեր, որոնք կ՛ուրուագծեն անկախ Հայաստանի օրէնքներու սկզբունքներն ու գաղափարական հիմքերը: 11-րդ կէտը կը յայտնէ. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը սատար է կանգնում 1915 թուականին Օսմանեան Թուրքիայում եւ Արեւմտեան Հայաստանում Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին»:
Վերջին` 12-րդ կէտը կը թելադրէ. «Սոյն Հռչակագիրը հիմք է ծառայում Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան մշակման, իսկ գործող սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւնների եւ լրացումների կատարման, պետական մարմիններու գործունէութեան, Հանրապետութեան նոր օրէնսդրութեան մշակման համար»:
Այս ընդարձակ մէջբերումները նպատակ ունին լոյսին բերել եւ յիշեցնել, որ ի՛նչ եղած են 35 տարիներ առաջ սկսած անկախութեան գործընթացի գաղափարական հիմքերը: Անկախութեան մասին հռչակագիրը ոչ միայն հիմք ծառայած է Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութիւններու մշակման, այլեւ ամբողջութեամբ յիշատակուած է անոնց նախաբաններուն մէջ` մաս կազմելով սահմանադրութիւններուն: Կը հետեւի, որ անկախութեան հռչակագիրին հակասող ճամարտակութիւնները ունին հակասահմանադրական բնոյթ եւ կը հակասեն, ինչպէս կ՛ըսէ հռչակագիրը, Հայաստանի ժողովուրդի միասնական կամքին:
Անկախութեան հռչակագիրին եւ անկախութեան հռչակման օրէնքին մէջ չենք տեսներ անիրապաշտ պահանջատիրական կէտեր. Հայաստանի ու Արցախի վերամիաւորման որոշումը արդիւնք էր Արցախի մէջ իսկ սկսած ազգային ազատագրական պայքարին, որուն բնականաբար զօրավիգ կանգնած էր համայն հայութիւնը` Հայաստան եւ սփիւռք: Ինչ կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան, հռչակագիրը կը պահանջէ միայն Հայաստանի իշխանութիւններէն սատար կանգնիլ ընթացքի մէջ եղող միջազգային ճանաչման գործընթացին:
Երկու փաստաթուղթերը չեն պարունակեր պատերազմ հրահրող, անապահովութիւն ստեղծեղ տարրեր: Միջազգային յարաբերութիւններու մէջ կողմնորոշումի ապակայունացնող խնդիրներ եւս բացակայ են: Շեշտուած են Հայաստանի անկախութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը, ազգային, ժողովրդավարական ու իրաւական պետութիւն ստեղծելու հրամայականը, որ համայն հայութեան դարաւոր իղձերուն իրականացման գրաւականն էր ու կը շարունակէ մնալ:
Անկախութեան հռչակագիրն ու անկախութեան որոշումը նսեմացնելու որեւէ քայլ դաւաճանութիւն է ազգային նպատակներուն: Անոնց փոխարինումը «իրական Հայաստանի» եւ «Խաղաղութեան խաչմերուկ»-ի նմանողութեամբ կեղծ «գաղափարաբանութիւններով» ըմբոստութիւն է ճշմարիտ անկախութեան եւ արդար խաղաղութեան դէմ: Անկախութեան հռչակագիրը սահմանադրութենէն դուրս բերելու, զայն չեղարկելու փորձերը Հայաստանի անկախութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը հարցականի տակ դնելու բնոյթ ունին: Նման նկրտումներ մերժելի են, անընդունելի եւ դատապարտելի են:
Անկախութեան հռչակագիրը կարիքը ունի վերարժեւորման. անիկա սեփականութիւնը պէտք է դառնայ, իւրացուի ամբողջ հայութեան կողմէ` իբրեւ Հայաստանի անկախութեան նուիրական մասունք: