Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օրախնդիրը Համազգային Կարողութիւններու Միաւորումն Է

Սեպտեմբեր 20, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Հայրենիքի վերանկախացման տարեդարձին առիթով երբ փորձենք տեսադաշտի մէջ բերել  Հայաստանի պարզած քաղաքական կեանքը, ինչպիսի՛ պրիսմակէ եւ ո՛ր անկիւնէ ալ դիտենք, մեր աչքին պիտի պարզուի անմխիթար պատկեր մը, եւ պիտի ըլլանք ականջալուր` վտանգներու մասին:

Կայ շուար ու քաղաքական յստակ ու ազգային կողմնացոյցէ զուրկ իշխանութիւն  մը, որ 44-օրեայ պատերազմի ամօթալի պարտութենէն, ապա նաեւ, ապիկարութեան իբրեւ հետեւանք, Արցախի դաւաճանական կորուստէն ետք, նոր պատերազմի մը հաւանականութեան սպառնալիքը դրօշի վերածած` յաջողած է սարսափի մթնոլորտի մէջ դնել հանրութենէն կարեւոր շերտ  մը եւ իրեն պատանդ դարձնել երկիրը: Լեզուական ճամարտակութիւններով կը փորձէ համոզել հանրութիւնը, որ ինք «խաղաղութիւն» պիտի բերէ, երջանիկ ապրիլ պիտի սորվեցնէ քաղաքացիներուն, պայմանաւ որ անոնք հրաժարին հայրենասիրութենէ, խզուին յիշողութենէ ու ապագայի տեսիլքէ, որոնք աղբիւր են (եղեր) պատերազմներու եւ այլն, եւ այլն: Վարչապետ մը ունինք, որ «Ես եմ կառավարութիւնը» կը գոռայ եւ ինքն իրմով յափշտակուած` չի գիտեր, թէ ի՛նչ կ՛ընէ, ի՛նչ կ՛ըսէ…

Խորհրդարանն ալ, իբր թէ` օրէնսդիր, դարձած է խօսարան մը, ուր կը կարծես թէ պատգամաւորներ նուիրուած են զիրար խծբծելու մրցումի մը…

Ընդդիմութիւնը` կամակոր, անուժ ու կոտորակուած, որ իր եռանդը կը սպառէ երկրի անկախութիւնը կորսնցնելու վտանգը ահազանգելով եւ իշխանութեան հրաժարականը պահանջելով…

Վերի պատկերէն առնենք հաւանական պատերազմի սպառնալիքը եւ անկախութեան կորուստի վտանգը:

Իսկ Հայաստանեայց եկեղեցին ժամ ու պատարագի իր կոչումը թողած` մխրճուած է «քաղաքականութիւն» կոչուած սայթաքիչ ու լպրծուն ոլորտին մէջ:

Այս համապատկերին մէջ ՄԵԾ ԲԱՑԱԿԱՆ մտաւորականութիւնն է, որ ներկայ չէ եղած նաեւ վերանկախացման առաջին օրերէն…

Ինչո՞ւ այս տհաճ դիտարկումները: Պարզապէս արձանագրելու համար, որ վտանգաւոր է յարաճուն ու միայն վտանգներու մասին խօսիլն ու կրկնելը:

Վտանգի գիտակցութիւնը պիտի չծառայէ իշխանութեան կամ ընդդիմութեան դիրքերը ամրացնելու նպատակին: Ընդհակառակն. հրաւէր մըն է ան զգաստութեան, որ դադար տրուի տարակարծութիւններուն, որքան ալ հիմնաւոր ըլլան անոնք, եւ ձեռնարկուի համազգային կարողականութիւնները միաւորելու նախաձեռնութեան մը, երբ մանաւանդ հաւանական նոր պատերազմի սպառնալիքը կայ, կամ` անկախութեան կորուստի վտանգը…

Հոս` ընթերցումներէս քաղուած թելադրական մէջբերում մը.

Բ. Համաշխարհային պատերազմին գնդապետ մը հրամանատարական կազմին  կը զեկուցէ` ներկայացնելով 12 համոզիչ պատճառաբանութիւններ, արդարանալու համար, թէ ինք ինչո՞ւ նշեալ բլուրը  գրաւելու ազդանշանը չտուաւ իր վաշտին, ինչ որ հրամայուած էր իրեն: Զեկոյցի աւարտին հրամանատարը կ՛ըսէ, թէ կար նաեւ 13-րդ պատճառը, զոր չյիշեցիր, եւ որ հիմքն է քու թուած 12 պատճառաբանութիւններուդ: Եւ զարմացած գնդապետի աչքերուն նայելով` կ՛ըսէ. «Պարզապէս չէիր հաւատար, որ պիտի կրնաս գրաւել»…

Չհաշուած խաբուսիկ յաջողութիւնները` իշխանութեան եւ ընդդիմութեան ներկայի անարդիւնք թափահարումները հայ մարդը կը պարպեն ապագայի նկատմամբ հաւատք ունենալէ, որ այնքան կենսական է ամէն տեսակ վտանգ դիմակայելու-յաղթահարելու համար:

Աթէնք, 18 սեպտ. 2025

 

Նախորդը

Այն Ատեն Հայրենասէր Էիք, Իսկ Հիմա Ինչպիսի՞ն Էք, Պարո՛ն Վարչապետ (21 Սեպտեմբեր1991)

Յաջորդը

Անկախութեան Հռչակագիրէն Հանրաքուէ Եւ Անկախութեան Հռչակում

RelatedPosts

ՀԲԸՄ-ը Զսպուածութեան եւ Միասնականութեան Կոչ Կ’ուղղէ Հայաստանին
Անդրադարձ

ՀԲԸՄ-ը Զսպուածութեան եւ Միասնականութեան Կոչ Կ’ուղղէ Հայաստանին

Հոկտեմբեր 22, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?