Հայաստանի քաղաքական կեանքը կը շարունակէ պղտորիլ: Ձերբակալութիւններու ալիքի մը ստեղծած շփոթը չմարած, նոր մը կը հրամցուի: Բոլորին պարագային տեղի կ՛ունենան պաշտօնատեղերու բնակարաններու խուզարկութիւններ եւ ցուցադրական ձերբակալութիւններ: Կը ստեղծուի տպաւորութիւն, որ երկրին մէջ կան չարագործներ, որոնք կը գործեն օրէնքներու շրջանցումով, պաշտօնին ընձեռած հնարաւորութեամբ` ազդեցութիւն կը բանեցնեն, դրամ կը շորթեն, կաշառք կը ստանան կամ կաշառք կու տան: Բոլոր ձերբակալուողները հանրային կարեւոր գործիչներ են. գործարար, բարձրաստիճան եկեղեցական, քաղաքապետ, պետական կամ կրօնական հաստատութիւններու կարեւոր պաշտօնեաներ:
Սովորական քաղաքացէ մը կ՛ակնկալուի, որ գոհունակութեամբ հետեւի կատարուածին. իշխանութիւնները կը մաքրագործեն հանրային միջավայրը բոլոր չարաշահողներէն, առանց նկատի ունենալու անոնց դիրքը եւ պաշտօնը: Սակայն, նոյն սովորական քաղաքացիներէն անոնք, որոնք իրենց հրամցուած լրատուութիւնները եւ անոնց կցուած մեկնաբանութիւնները սովոր են վերապահութեամբ իմանալու, իրաւամբ հարց կու տան, թէ ի՞նչ պատահած է, որ այսպէս յանկարծ, ԱԱԾ-ն (Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը) եւ դատախազութիւնը աշխուժացած են ու անխնայ կը հարուածեն այն բոլոր միջավայրերը, որոնք կը հակադրուին իշխանութիւններու վարած քաղաքականութեան, որ «խաղաղութեան խաչմերուկ» կը կոչուի: Մեղադրանքները եւ ամբաստանութիւնները յայտնապէս քաղաքական երանգ չունին. սովորական չարագործներ (եպիսկոպոսներ) կը մեկուսացուին իրենց անօրինական գործունէութեան պատճառով, սակայն կարիք չկայ ուշադիր դիտող ըլլալու, նկատելու համար, որ ձերբակալուածները հանրային կեանքին մէջ իշխանութիւններու վարքագիծը քննադատողներ են:
Ինչի՞ հիման վրայ կը կատարուին հետապնդումները: Անոնցմէ առաջինը հանրային յայտարարութիւններն են. մամուլի ասուլիս, տեսակցութիւն, լրագրողներու հետ զրոյց, եւ այլն: Եթէ հրապարակային այդ ելոյթներուն մէջ իշխանութիւններու փոփոխութեան պահանջ ըլլայ, ելոյթը կը մեկնաբանուի իբրեւ իշխանութիւնը բռնի փոխելու հակասահմանադրական արարք եւ կ՛արժանանայ համապատասխան վերաբերումի: Կատարուած «կոչը» որեւէ գործնական հետեւանք ունեցա՞ծ է կամ ոչ, նշանակութիւն չունի: Խօսքը կը բաւէ, նոյնիսկ անորոշ խօսքը կը բաւէ հետապնդում յառաջացնելու համար: Հիմա հարց տանք. իրաւական պետութեան մէջ ո՞ւր մնաց խօսքի ազատութիւնը: Խօսքի ազատութեան համընդհանուր սկզբունքը, որ մարդկային իրաւունքներու ողնաշարն է, նման մեկնաբանութիւն չի հանդուրժեր:
Երկրորդ միջոցը նորահնար է եւ այժմէական: Լսատեսողական մարզին մէջ ճարտարագիտութեան յառաջխաղացքը կարելիութիւն կու տայ լսելու (նաեւ տեսնելո՞ւ) ամէն խօսակցութիւն, հանդիպում, ժողով, խորհրդակցութիւն եւ այլն: Գաղտնալսումներէն կարելի է քաղել ասոյթներ, նախադասութիւններ, իրարու միացնել տարբեր նախադասութիւններու մասեր եւ ահա՛, յայտնաբերել մութին մէջ կատարուող ապօրինի գործողութիւններու ծրագրեր: Ինչպէ՞ս կ՛ուզէք, որ իշխանութիւնները չկանխեն սպասուող «ահաբեկչութիւնը» կամ հակապետական գործողութիւնը: Բայց անգամ մը եւս հարց տանք. նման կարծեցեալ խօսակցութիւնները որեւէ գործնական հետեւանք ունեցա՞ծ են: Իսկ ինչպէ՞ս հաշտեցնենք անձերու միջեւ խօսակցութիւններու գաղտնալսումները կրկին մարդու իրաւունքներու ու նոյնինքն Հայաստանի Սահմանադրութեան քաղաքացիներու անհատական կեանքի գաղտնիութեան սկզբունքին հետ: «Կանխելու» թէական պատճառաբանութիւնը չի կրնար արդարացում ըլլալ, մտածումը, խօսքը, նոյնիսկ մտադրութիւնը եթէ չեն վերածուած յանցաւոր գործողութեան, տեսանելի երեւոյթի մը, չեն կրնար դատական հետապնդումի, այն ալ` քրէական, առարկայ դառնալ:
Ինչո՞ւ կը պատահին այս ապօրինութիւնները: Բազմիցս նկատել տուած ենք, որ շարունակական ապօրէն տագնապներու ստեղծումը նպատակ ունի քողարկելու իշխանութիւններու քաղաքական մարզին մէջ սպասուող նոր նախաձեռնութիւն մը: Անհեթեթ ամբաստանութիւններով փորձ կը կատարուի անգամ մը եւս քաղաքական հանրութեան ուշադրութիւնը շեղել իրական տագնապէն: Ժողովուրդը դժգոհ է կատարուած զիջումներէն: Ժողովուրդը չի հասկնար, թէ ինչո՛ւ արցախցիներու վերադարձը կը խոչընդոտէ խաղաղութիւնը: Ժողովուրդը չի հասկնար, որ իշխանութիւնները լուռ են, երբ Արցախի հայկական դիմագիծը կ՛աղաւաղուի, երբ ռազմաքաղաքական ղեկավարները կը դատուին, երբ գերեվարուածները չեն վերադառնար: Ժողովուրդը չի հասկնար, թէ ինչո՞ւ ոչինչ կը նախաձեռնուի Հայաստանէն գրաւուած տարածքները ազատագրելու համար: Ժողովուրդը ըմբռնած է «խաղաղութիւն» կոչուած խաբկանքին անիրական ըլլալը: Ժողովուրդը գիտէ այլեւս, որ սուտին պոչը կարճ կ՛ըլլայ:
Մինչեւ ե՞րբ պիտի տեւէ սուտի, խաբէութեան եւ հանրային կարծիքի շեղման ողբերգութիւնը: Սուտին պոչը կարճ կ՛ըլլայ, կ՛ըսէ առածը: