Վրաստանի ելեւմուտքի նախարարութեան տուեալներով` Վրաստան փակած է Ազրպէյճանի իր «պատմական պարտք»-ը:
Սեպտեմբերին Վրաստանը ամբողջութեամբ փակած է յուլիս 2004 թուականի Փարիզի ակումբի վարկատուներուն հետ կնքուած համաձայնագիրին համաձայն վերակառուցուած արտաքին պարտքի մնացեալ մասը:
Ազրպէյճանէն բացի, պարտքերը փակուած են նաեւ Ռուսիոյ, Թուրքիոյ, Ղազախստանին, Հայաստանին, Իրանին եւ Նետերլանտներուն:
Բոլոր պարտքերը կը վերաբերին Վրաստանի անկախութենէն ետք առաջին տարիներուն ստանձնած արտաքին պարտաւորութիւններուն:
Վճարումները կը ներառէին 1999 թուականէն առաջ ձեւաւորուած 160 միլիոն տոլարի պարտք, 1999 թուականէն մինչեւ 2004 թուականի մայիսը կուտակուած պարտաւորութիւններու տոկոսները եւ 2004-2006 թուականներուն վճարման ենթակայ պարտքեր` համաձայն նախապէս հաստատուած ժամանակացոյցի:
Վճարումներու ընդհանուր գումարը գերազանցած է 225 միլիոն տոլարը: