Արմանտ Տուփլանթիս 14-րդ անգամ ըլլալով բարելաւեց ձողով բարձրութիւն ցատկելու իր մրցանիշը, երբ 6,30 մեթր բարձրութիւնը յաջողութեամբ կտրեց Թոքիոյի մէջ աշխարհի աթլեթիզմի ախոյեանութեան մրցումներուն:
Տուփլանթիս շատ դիւրութեամբ անցած էր զտումի մրցումներէն անցեալ շաբաթ օր, իսկ երկուշաբթի օր սկսած էր աւարտական հանգրուանը 5,55 մեթրով:
25 տարեկան շուէտացի աստղը նախընտրեց չմասնակցիլ 5,75 մեթր բարձրութեան մրցումներուն, երբ իր ամէնէն մօտ մրցակիցները` Էմանուիլ Քարալիս եւ Ողիմպիական խաղերու նախկին ախոյեան Ռընօ Լավիենի սկսան մրցելու:
Տուփլանթիս վերամիացաւ, երբ ձողը բարձրացաւ 5,85 մեթրի, եւ դիւրութեամբ կոտրեց այդ բարձրութիւնը:
Շուէտացի աստղը 5,95 մեթրը իր առաջին փորձէն կոտրեց, մինչ իր անմիջական մրցակիցները 5,90 մեթրը չէին կոտրած տակաւին:
Ասիկա ճնշում բանեցուց Քարալիսի վրայ, որ երկու ձախողութիւններէ ետք կրցաւ իր 3-րդ փորձին յաջողիլ: Ան ոգեւորուած 6 մեթր ալ կրցաւ կոտրել իր առաջին փորձէն, բան մը, որ Տուփլանթիս ալ յաջողեցաւ ընել:
6 մեթր որեւէ այլ մրցակից չկրցաւ կտրել, եւ աւստրալիացի Քըրթիս Մարշալ շահեցաւ պրոնզ մետալ` իր համաերկրացի Սամ Քենտրիքսէն աւելի քիչ փորձերով կոտրելով 5,95 մեթր բարձրութիւնը:
Տուփլանթիս 6,10 մեթր կոտրեց անսխալ ձեւով անգամ մը եւս, եւ հակառակ անոր որ Քարալիս չյաջողեցաւ 6,10 մեթրը կոտրել, զարմանալի որոշումով մը ձողը բարձրացուց 6,15 մեթրի: Եւրոպայի փակ դաշտերու ախոյեան յոյն մրցակիցը անգամ մը եւս ձախողեցաւ, մինչ «Մոնտօ» Տուփլանթիս յաջողութեամբ կոտրեց:
Քարալիս 6,20 մեթր փորձեց, բայց անոր առաջին փորձը իր 3-րդ յաջորդական ձախողն էր, եւ այդ պատճառով ալ ան գրաւեց 2-րդ դիրքը` շահելով արծաթ մետալ:
Ոսկի մետալը ապահովելէ ետք, դաշտը մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ… Արդեօք որ մրցանիշի համար փորձ մը պիտի կատարէ՞ր Տուփլանթիս:
Բազմահազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, Տուփլանթիս ձողը բարձրացուց 6,30 մեթրի վրայ` ձողով բարձրութիւն ցատկելու պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով:
Առաջին փորձին ձախողելէ ետք, ան կարծեց, թէ յաջողեցաւ 2-րդին, բայց ձողը քանի մը անգամ շարժելէ ետք ինկաւ…
3-րդ փորձին սակայն, հանդիսատեսներու բացագանչութիւններով ոգեւորուած, Տուփլանթիս կոտրեց 6,30 մեթրը, բարձրութիւն մը, որ կը կարծուէր, թէ անկարելի է, որ կոտրուի` 14-րդ մրցանիշ մը հաստատելով, Շուէտին նուիրելով առաջին ոսկի մետալը` աշխարհի աթլեթիզմի ախոյեանութեան մրցումներուն: