Երեքշաբթի օր սկսաւ 2025-2026 տարեշրջանի «Չեմփիընզ լիկ»-ը, ուր առաջին օրուան մրցումներուն Արսենալ 2-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Սպանիոյ Աթլեթիք Պիլպաոյի դաշտէն: Մարթինելլի եւ Թրուար Բ. կիսախաղին նշանակեցին Արսենալի կոլերը:
Պելճիքայի Ռոյալ Իւնիոն Սեն Ժիլուազ ակումբը իր պատմութեան առաջին անգամ ըլլալով «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցումը կատարեց եւ յաղթեց ՓՍՎ Այնտովընի դաշտին վրայ (3-1)` անակնկալ արդիւնքով մը:
Գեղեցիկ մրցում էր Եուվենթուս Տորթմունտ (4-4) մրցումը, ուր առաջին կիսախաղին 0-0 մնալէ ետք, Բ. կիսախաղին շատ աւելի լաւ ելոյթ ունեցաւ մանաւանդ Տորթմունտ, որ օգտուեցաւ մանաւանդ Եուվէի բերդապահ Միքելէ Տի Կրեկորիոյի «կորսուած» վիճակէն:
Ապեյեմի նշանակեց ի նպաստ Տորթմունտի, մինչ 10 վայրկեան ետք Քենաան Եըլտըզ հաւասարեցուց արդիւնքը: 2 վայրկեան ետք Տորթմունտ կոլ մը եւս նշանակեց Նմեչայի միջոցով, բայց 2 վայրկեան ետք Տուշան Վլահովիչ արդիւնքը 2-2 ըրաւ:
74-րդ եւ 86-րդ վայրկեանին Քոսթօ եւ Պենսեպայնի կոլեր նշանակեցին, եւ կը կարծուէր, թէ Տորթմունտ իր առաջին 3 կէտերը պիտի ապահովէր «Չեմփիընզ լիկ»-ի այս տարեշրջանին: Սակայն Եուվէ 94-րդ եւ 96-րդ վայրկեաններուն Վլահովիչի եւ Լոյտ Քելիի միջոցով կրցաւ փրկել 1 կէտ:
Թոթենհամ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Վիարէալը` շնորհիւ Լուիս Ժունիորի կոլին (սխալմամբ իր բերդին մէջ):
«Չեմփիընզ լիկ»-ի պատմական խումբը` Ռէալ Մատրիտ, յաջորդաբար 2-րդ մրցումին 10 մարզիկներով յաղթեց այս անգամ Մարսէյին 2-1 արդիւնքով:
Թիմոթի Ուէյա 22-րդ վայրկեանին նշանակեց Մարսէյի կոլը, բայց Քիլիան Էմպափէ 29-րդ եւ 81-րդ վայրկեաններուն փենալթիներով նշանակեց Ռէալի 2 կոլերը, մինչ 72-րդ վայրկեանին Տանի Քարվախալ կարմիր քարտ մը ստացաւ` ՎԱՐ-ին նկատելէն ետք, թէ ան ֆաուլ կատարած է: