Հանգստեան կոչուած զինուորականները երէկ կէսօրէ առաջ բողոքի ցոյց կատարելով Պէյրութի մէջ հրավառ անիւներով փակեցին Ռինկի կամուրջն ու Սայֆիի ճամբան, իսկ հիւսիսային Լիբանանի մէջ մասնակի կերպով փակեցին Փալմայի ճամբան:
Առ ի զօրակցութիւն ցոյցերուն միացաւ պետական պաշտօնեաներու ընկերակցութիւնը:
Փակ ճամբաներու պատճառով ելեւմուտքի խորհրդարանական յանձնախումբի եւ տեղեկատուութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նիստերը յետաձգուեցան:
Ցոյցին մասնակիցները կառավարութեան կիրարկած տնտեսական ու ելեւմտական քաղաքականութիւնները քննադատող բացագանչութիւններ արձակեցին:
Հիմնական հաւաքը տեղի ունեցաւ Պէյրութի Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ:
Գնդապետ-զօրավար Ժորժ Նատեր «Նաշրա» կայքին ճամբով քաղաքացիներէն ներում հայցեց կեդրոնական Պէյրութի ճամբաներու մասնակի փակման համար, սակայն շեշտեց, թէ իշխանութիւնը միայն այս լեզուն կը հասկնայ, մանաւանդ որ պաշտօնատարներուն հետ տեղի ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները ժխտական էին:
Ան ըսաւ, որ նստացոյցը աւարտելու ժամկէտ ունի, սակայն շեշտեց, որ հանգստեան կոչուած զինուորականներուն արդար պահանջները չբաւարարուելուն պարագային յաջորդ փուլին աննախադէպ մագլցողական քայլեր պիտի ըլլան:
Ան շեշտեց, որ բանակայիններուն հետ որեւէ բախում իրենց համար կարմիր գիծ է` ընդգծելով, որ որեւէ բախում մերժելի է:
Կէսօրէ ետք ցուցարարները վերաբացին ճամբաները:


