Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա քննադատեց կառավարութիւնը թշնամիի յարձակումներուն դիմակայելու առումով թերանալուն համար` նշելով, որ իսրայէլեան բանակը այսօր սահմանին վրայ կը ստեղծէ արգելակիչ գօտի մը, ուր կեանքի որեւէ տեսակ կ՛արգիլէ:
Երեսփոխանը հարց տուաւ, թէ կառավարութիւնը իր գերիշխանութիւնը տարածելու համար ի՞նչ միջոցներ օգտագործած է եւ ո՞ւր է ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը: Ան կոչ ուղղեց, որ իշխանութեան սիոնական յարձակումներու դիմակայման, գաղթականներու տունդարձի, հողի ազատագրման եւ պետութեան իշխանութեան տարածման քայլերը հրապարակուին:
Ֆատլլալա նշեց, որ կառավարութիւնը մինչեւ այս պահս բանակի զինման որեւէ ժամանակացոյց չէ ճշդած: Ան կառավարութիւնը ամբաստանեց Լիբանանի ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը անտեսելու յանցանքով:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամը յայտնեց, որ վերաշինութեան թղթածրարին մէջ որեւէ գործնական քայլ չկատարուեցաւ, այլ կառավարութեան կողմէ արտաքին ցուցմունքներու հիմամբ դիտաւորեալ կերպով կ՛անտեսուի:
Ֆատլալլա ըսաւ, որ կառավարութիւնը լուռ կը մնայ թշնամիի յարձակումներուն նկատմամբ, սակայն աշխատանք կը տանի արգիլելու Լիբանանը պաշտպանելու ամէնէն կարեւոր միջոցը` Դիմադրութիւնը:
Ան նշեց, թէ վերաշինութեան համար գումարներուն չգոյութեան մասին կառավարութեան պնդումները ոչ ոք կրնան համոզել:


