Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապին Հետ

Սեպտեմբեր 17, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը հանդիպում ունեցաւ Հռոմի Լեւոն ԺԴ. Պապին հետ:

Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ եւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հովուապետները առանձնազրոյցի ընթացքին անդրադարձան աշխարհի մէջ տեղ գտնող արհաւիրքներուն ու մտահոգիչ զարգացումներուն, Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն ու դիմագրաւուող փորձութիւններուն:

Ս. Էջմիածինի հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, Գարեգին Բ. կաթողիկոսը Լեւոն ԺԴ. պապի ուշադրութեան ներկայացուց նաեւ իր բնօրրանէն տեղահանուած արցախահայութեան հիմնախնդիրները, Արցախի մէջ ոչնչացման վտանգի առջեւ կանգնած հայ հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան, ռազմագերիներու եւ պատանդառուածներու ազատ արձակման հրամայականը:

Վեհափառ հայրապետը գոհունակութեամբ անդրադարձաւ, որ երկու եկեղեցիներուն միջեւ եղբայրական կապերը ամրապնդուած են շնորհառատ հանդիպումներու եւ հաւատքի միացեալ վկայութիւններու միջոցով: Ամենայն հայոց կաթողիկոսը վստահութիւն յայտնեց, որ երկու եկեղեցիներու յարաբերութիւնները կը շարունակեն զարգանալ նոյն եղբայրական ոգիով ու ջերմութեամբ` արդիւնաւորուելով նորանոր բարի միասնական իրագործումներով:

«Հովուապետները կարեւոր նկատեցին եկեղեցիներու առաքելութիւնը աշխարհի մէջ արդարութեան ու խաղաղութեան հաստատման, ժողովուրդներու համերաշխ գոյակցութեան ապահովման գործին մէջ` հաւատարիմ տէրունաւանդ կոչման` առատացնելու մարդոց սիրտերուն մէջ հաւատքը, յոյսը եւ սէրը: Ընդգծուեցաւ անհրաժեշտութիւնը միաւորելու եկեղեցիներու ջանքերը յանուն Աւետարանի լոյսի տարածման, մարդոց իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ բարօր ու ապահով աշխարհի կերտման», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Գարեգին Բ. կաթողիկոս Լեւոն ԺԴ. պապը հրաւիրեց այցելելու Հայաստան:

Հանդիպման աւարտին Ամենայն հայոց կաթողիկոսի պատուիրակութեան անդամները ստացան Հռոմի սրբազան քահանայապետին օրհնութիւնը: Տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում:

Վատիկան այցելութեան շրջանակներուն մէջ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը եղաւ նաեւ Հռոմի Սուրբ Մարիամ պազիլիք եկեղեցիին մէջ, ուր երջանկայիշատակ Ֆրանչիսկոս պապի շիրիմին առջեւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած վախճանեալ պապի հոգի հանգստութեան համար:

Նախորդը

Հեծելարշաւ. «Մաունթըն Պայք»-ի Ախոյեանութիւն

Յաջորդը

Հայաստան Հաստատած Է ԱՊՀ-ի Երկիրներու Կառավարութիւններու Ղեկավարներու Խորհուրդի Նիստին Իր Մասնակցութիւնը, Սակայն…

RelatedPosts

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?