Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանի Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ իր յորդանանցի պաշտօնակից Այման Սաֆատիի եւ Սուրիոյ հարցով ամերիկացի յատուկ պատուիրակ Թամըս Պարրաքի հետ համաձայնութեան մը ստորագրումէն ետք միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց, թէ հարաւային Սուրիոյ Սուէյտա նահանգի հարցին շուրջ յստակ ճամբու քարտէս մը մշակուած է:
Շիպանի ընդգծեց, թէ համաձայնութիւնը ստորագրուած է Յորդանանի եւ Միացեալ Նահանգներու աջակցութեամբ:
Ան շեշտեց, որ կառավարութիւնը կ՛ուզէ հարաւային Սուրիոյ մէջ կայունութիւնը վերականգնել եւ աշխատանք կը տանի ոճիրներ ու ոտնձգութիւններ գործած բոլոր անձերը հաշուետուութեան ենթարկելու եւ նահանգին մէջ ծառայութիւնները վերականգնելու:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարը երկրին հարաւը ազգային հաշտութեան իրագործման ու կայունութեան ու հանգստութեան վերականգնման հոլովոյթի մը մեկնարկը յայտարարեց:
Ամերիկացի պատուիրակ Պարրաք իր կարգին շեշտեց, որ Ուաշինկթըն յանձնառու է սուրիական կառավարութիւնը հովանաւորելու, անոր աջակցելու եւ օգնելու:
Պարրաք շեշտեց. «Սուրիական կառավարութիւնը այսօր պատմական քայլեր կ՛որդեգրէ: Սուրիոյ եւ Յորդանանին օգնեցինք Սուէյտայի վերաբերեալ ճամբու քարտէսի շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու»: Ան գնահատեց Դամասկոսին աջակցութեան մէջ յորդանանեան «մեծ» դերակատարութիւնը:
Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարը նշեց. «Իսրայէլ միակ կողմն է, որ կ՛ուզէ սուրիական հողերը մասնատել», սակայն միեւնոյն ժամանակ յայտնեց, որ ճամբու քարտէսը նաեւ Իսրայէլի անվտանգութեան կարիքները կը բաւարարէ:
Մինչ այդ, սուրիական իշխանութիւնները Սուէյտա քաղաքին մէջ ներքին ապահովութեան պետի պաշտօնի ստեղծումը եւ տեղւոյն բնիկ տիւրզիի մը այդ պաշտօնին նշանակումը յայտարարեցին:
Սուրիոյ ներքին գործոց նախարար Անաս Խաթիպ նշեց. «Նոր նշանակումները կատարուեցան նահանգի տարբեր բաղադրիչներու զաւակներուն գործուն մասնակցութեամբ»: