Իսրայէլեան օդուժը երկուշաբթի գիշեր յարձակում գործեց հարաւային Լիբանանի Նապաթիէ քաղաքի Քասսար Զաաթար շրջանին վրայ:
Յարձակումին պատճառով վիրաւորուեցան 12 քաղաքացիներ, որոնցմէ չորսը երեխաներ եւ եօթն կիներ: Երկու երեխաներ ծանրօրէն վիրաւորուած են:
Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի պնդեց, թէ իսրայէլեան օդուժին պատկանող օդանաւ մը յարձակում գործած է Հըզպալլայի ղեկավարութեան կեդրոնի մը վրայ` Նապաթիէի շրջանին մէջ, ուր անոր գոյութիւնը Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ փոխհասկացողութիւններուն խախտում կը նկատուի:
Իսրայէլեան բանակը պնդեց, թէ Հըզպալլան կը շարունակէ Լիբանանի տարբեր շրջաններուն մէջ իր ենթակառոյցները վերաշինելու փորձերը` վտանգելով կեանքերը Լիբանանի քաղաքացիներու, զորս իբրեւ մարդկային վահան կ՛օգտագործէ:
Ատրահի նշեց, որ իսրայէլեան բանակը պիտի շարունակէ Իսրայէլի դէմ որեւէ սպառնալիք ոչնչացնել: