Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ֆայեզ Ռասամնի Պաապտայի պալատին մէջ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ տեսակցելէ ետք յայտնեց. «Խոստացանք յառաջիկայ տարուան առաջին երեք ամսուան ընթացքին Քլէյաաթի օդակայանը շահագործման յանձնել»:
«Այդ թղթածրարը յանձնուեցաւ Քաղաքային թռիչքները կառավարող մարմինին, որ Քաղաքային ծառայութեան խորհուրդի մեքանիզմի ճամբով կազմուեցաւ ու նշանակուեցաւ: Անիկա իր դիմաց ունի մեծ առաքելութիւն եւ պատասխանատուութիւններ: Առաջին առաքելութիւնը Քլէյաաթի օդակայանն է, ինչպէս նաեւ Պէյրութի օդակայանի ընդլայնման աշխատանքի շարունակութիւնը», նշեց նախարարը:
«Հիմնական նպատակը թռիչքներու ոլորտին մէջ անվտանգութեան ու ապահովութեան բարձրացումն է եւ զբօսաշրջութեան շուկայի կարիքներու համահունչ ընդունելութեան կարողութեան բարձրացումը: Ատիկա կը նպաստէ զբօսաշրջիկներու ներգրաւման ու տնտեսական շարժումի աշխուժացման», յայտնեց Ռասամնի: