ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Սթիւ եւ Նանոր Սապունճեան եւ զաւակները` Տարոն եւ Լոռի (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Արէն եւ Ռիթա Փոլատեան
Տիկին Էլիզա Աչուկեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Կարպիս եւ Անժել Ալլըքեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Ժանօ եւ Լենա Փոլատեան (Միացեալ Նահանգներ)
Տիար Յարութ Փոլատեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տիկին Մարօ Փոսիկեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Փոլատեան եւ Զէյթունեան ընտանիքներ
Ղուկասեան եւ Տարաքճեան ընտանիքներ
Փափազեան եւ Ճանսըզեան ընտանիքներ
Քիլէճեան եւ Մինասեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հօր, մեծ հօր, աներոջ, եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`
ԳԷՈՐԳ ՆԵՐՍԷՍ ՓՈԼԱՏԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1939-ին)
մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 13 սեպտեմբեր 2025-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երեքշաբթի, 16 սեպտեմբերին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղման արարողութենէն ետք, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոնին մէջ, «Նագգաշ»:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կատարել «Թռչնոց Բոյն»-ին կամ «Կեանք մը փրկենք» ֆոնտին:
————————————–
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ «ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ»
ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՎԵՐԱՄՈՒՏ
2025-2026
ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի օրհնութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Արամ Ա. կաթողիկոս» հայագիտական հիմնարկը պիտի բոլորէ 13-րդ կրթական տարեշրջանը:
- Դասաւանդութիւնները պիտի կատարուին եռօրեայ դրութեամբ` երկուշաբթի, չորեքշաբթի եւ ուրբաթ, երեկոյեան ժամը 5:00-7:30, «Խորէն Ա.» կեդրոնին մէջ, Ֆանար:
- Լիբանանէն դուրս բնակող ուսանողներուն առիթ պիտի ընծայուի առցանց հետեւելու դասընթացքներուն:
- Նոր ուսանողներու արձանագրութիւնները կը սկսին երկուշաբթի, 1 սեպտեմբեր 2025-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-1:00 (բացի` շաբաթ եւ կիրակի օրերէն):
- Ուսումը անվճար:\
- Վերամուտ` երկուշաբթի, 13 հոկտեմբեր 2025, երեկոյեան ժամը 5:00-ին:
ՆՈՐ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐԸ ՊԱՐՏԻՆ ԻՐԵՆՑ ՀԵՏ ՈՒՆԵՆԱԼ
– 1 Լուսանկար
– Անձնաթուղթի պատճէն
– Բ. պաքալորէայի կամ անոր համապատասխանող վկայականի պատճէնը:
- Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար հեռաձայնել կաթողիկոսարան` 04-410001, տնօրէնութիւն` պրն. Ահարոն Շխրտըմեան 03-713897:
«ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ» ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ
ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
————————————–
Ազունիէի Հայ ազգային բուժարանին կատարուած են հետեւեալ նուիրատուութիւնները օգոստոս 2025-ին:
– Տիկին Նազելի Մարտիրոսեան-Սլիմ (Տուպայ)` պատսպարեալի մը ամսուան հոգատարութիւնը 525$
– Վիգէն Սահակեան Միացեալ Նահանգներէն` պատսպարեալի մը ամսուան հոգատարութիւնը 1.000$
– Պրն. Տաճատ Սրապեան, փոխան օրուան ճաշի մօրը քառասունքին առիթով 400$
– Տիկին Մելինէ Տէմիրճեան կարկանդակ եւ օշարակ` իր մօրը յիշատակին 100$
– Օրտողլեան ընտանիք, փոխան խաղողօրհնէքի, բուժարանի մատուռին մէջ 2.000.000 լ. ո.
– Ղազարեան ընտանիք, փոխան խաղողօրհնէքի բուժարանի մատուռին մէջ 1.300.000 լ. ո.
– Աշոտ եւ Րաֆֆի Քէշիշեան եղբարք, փոխան խաղողօրհնէքի, իրենց մօր յիշատակին 20$
– Պրն Եսայի Հաւաթեան 2 անգամ պտղատու ծառերու անվճար սրսկում
Կանխայայտ շնորհակալութիւն`
ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
ԱԶՈՒՆԻԷԻ ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆԻ
————————————-
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ
ՏՈՒՆԸ ԿԱՐԻՔԸ ՈՒՆԻ
ՀԱՅ հիւանդապահուհիներու, ինչպէս նաեւ տարեցները խնամող պաշտօնեաներու: Հետաքրքրուողները կրնան դիմել հեռաձայնելով հետեւեալ թիւերուն. 01-260533 կամ 01-260534:


