«Սա քաղաքական պատուէր է իշխանութեան կողմէ», երէկուան դատական նիստին ընթացքին իր խօսքին մէջ ըսաւ Միքայէլ արք. Աջապահեան, որ կը մեղադրուի իշխանութեան բռնագրաւման կոչի համար:
Միքայէլ սրբազանը պնդեց. «Անշուշտ նպատակն իմ վարկաբեկումս է, բայց ես պիտի շարունակեմ ծառայել գերբին ու դրօշին, զորս ոմանք կ՛արատաւորեն»:
Սրբազանը իր խօսքին մէջ շեշտեց. «Ես համոզուած եմ, որ բոլորը գիտեն, թէ ես անմեղ եմ, ներառեալ մեղադրող կողմը, ներառեալ յարգարժան դատարանը, ներառեալ անոնք, որոնք պատուիրատուն են: Ես ոչ մէկ դաւադիր խօսք որեւէ տեղ ըսած եմ, այդ կը վկայէ նաեւ օրագիրս. իրենց քիթերը մտցուցին նաեւ օրագիրին մէջ, այսինքն` իմ միտքիս մէջ, ուր իրաւունք չունէին մտնելու, բայց այնտեղ ալ բան չգտան»:
Երէկուան նիստին Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արք. Աջապահեանի փաստաբան Արա Զոհրաբեան նախքան պաշտպանական ճառով հանդէս գալը կրկին բացարկ յայտնեց դատաւոր Արմինէ Մելիքսէթեանին: Միջնորդութիւնը, սակայն, մերժուեցաւ:


