Աշխարհի ախոյեան Գերմանիան չորեքշաբթի գիշեր Եուրօ պասքեթ 2025-ի կիսաւարտական հասաւ` 99-91 արդիւնքով յաղթելէ ետք Սլովենիոյ շատ «տաք» մրցումին, որ վճռուեցաւ 4-րդ մասին:
Լուքա Տոնչիչ 39 կէտ նշանակեց, բայց առանձին կարելի չէր յաղթել Գերմանիոյ, որ մրցումի առաջին երեք մասերուն ետ կը մնար, բայց վերջին մասին կրցաւ հասնիլ եւ յաղթել:
Առաջին մասին, Սլովենիոյ առաւելութիւնը 11 կէտի հասաւ (21-32), իսկ 2-րդին եւ 3-րդ մասին առաւելութիւնը կը մնար 9 կէտ (65-74):
4-րդ մասին սակայն, Գերմանիա վերագտաւ ինքզինք եւ 12 յաջորդական կէտեր նշանակեց` արդիւնքը հասցնելով 77-74-ի: Սլովենիա, Տոնչիչի գլխաւորութեամբ, փորձեց պարտադրել ինքնիրեն եւ 85-86 արդիւնքով անցաւ ալ, բայց Գերմանիա պարզապէս աւելի լաւ խումբ էր, ուստի 97-89, ապա 99-91 արդիւնքով «փակեց» մրցումը:
Լոս Անճելըս Լէյքըրզի աստղ Տոնչիչ 39 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, բայց Ֆրանց Վակնըր (23 կէտ) Տենիս Շրոտըր (20 կէտ) Տանիէլ Թայս (15 կէտ) Անտրէաս Օպսթ (10 կէտ) եւ Իզաք Պոնկա հնգեակը աւելի արդիւնաւէտ էին: Սլովենիոյ ազգային խումբին մաս կը կազմէր նաեւ անցեալ տարեշրջանին Սաժեսի հետ խաղցած Մարթին Քրեմփըլ, որ 9 կէտ նշանակեց:
Կիսաւարտականին (այսօր) Գերմանիա, որ Եւրոպայի թիւ 2 դասուած խումբն է Սերպիոյ ետին, պիտի մրցի 13-րդ դասուած Ֆինլանտայի դէմ:
Ֆինլանտա 93-79 արդիւնքով դուրս ձգած էր Վրաստանը, որ 3-րդ մասին փորձեց մօտենալ եւ 9 կէտի նուազեցուց արդիւնքը, բայց 4-րդ մասին 6 կէտի տարբերութեան հասնելէ ետք (73-67) Ֆինլանտա ինքզինք վերագտաւ եւ 14 կէտի առաւելութեամբ յաղթեց մրցումը:
Միւս կիսաւարտականը իրարու դէմ պիտի հանէ 8-րդ դասուած Յունաստանը եւ 15-րդ դասուած Թուրքիան:
Յունաստան 87-76 արդիւնքով դուրս ձգած էր 6-րդ դասուած Լիթվանիան, երբ Էն. Պի. Էյ.-ի աստղերէն Եաննիս Անթեթոքումփօ 29 կէտ նշանակած էր:
Թուրքիա 91-77 արդիւնքով յաղթած էր 11-րդ դասուած Լեհաստանի: