Բարգաւաճում եւ ազատագրում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպէյսի յայտնեց. «Շիի համայնքը երբեք չէ ձգտած պառակտումի յառաջացման եւ երբեք չէ մտածած գոյառութեան ստեղծման մասին: Անիկա միշտ եղած է ազգային երեւոյթ, որ կը նպաստէ կառուցման հայրենիքին եւ իր ունեցած կարողութիւնները կու տայ, որպէսզի Լիբանանը ըլլայ լաւ վիճակի մէջ»:
«Մեր կողմէ Լիբանանը պաշտպանելը միայն հարաւի պաշտպանութեան համար չէ, այլ` ամբողջ Լիբանանի, հիւսիսէն հարաւ, Պէյրութ եւ Պեքա, բոլոր գիւղերու մեր ժողովուրդի: Հարաւի բագինին զոհուած իւրաքանչիւր նահատակ` հայրենիքի եւ անոր անկախութեան ու գերիշխանութեան նահատակ է», շեշտեց երեսփոխանը:
«Բոլորս լիբանանեան բանակին կողքին ենք եւ կ՛ընդգծենք, որ բանակը հայրենիքի դարպասն է, միասնականութեան պաշտպանը, քաղաքային խաղաղութեան պահապանը: Մեր բոլոր ձգտումն է, որ պետութիւնը ըլլայ հզօր եւ կարող մեր սիրելիները եւ մեր սահմանները պաշտպանելու, ինչպէս նաեւ ստանձնէ բարգաւաճման, զարգացման, հողի ու սահմանի պաշտպանութեան պատասխանատուութիւնը», ըսաւ Քպէյսի:
Բարգաւաճում եւ ազատագրում երեսփոխանական պլոքի անդամը նաեւ լուսարձակի տակ առաւ կարեւորութիւնը «փոխհասկացողութեան եւ երկխօսութեան լեզուին, իբրեւ գործելաոճ ու վարմունք, որոնց ճամբով կը հաստատենք, որ պատրաստ ենք բոլորին հետ յարաբերելու` գոյացնելու Լիբանանը պաշտպանող ազգային միասնականութիւնը, որովհետեւ որեւէ ներքին պառակտում կը տկարացնէ հայրենիքը, կը տկարացնէ լիբանանեան բանակը եւ կը նուազեցնէ լիբանանեան պետութեան հեղինակութիւնը»:
«Միասնականութեամբ Լիբանանը կը պաշտպանենք եւ մեր հայրենիքին համար անձեռնմխելիութիւն կ՛ապահովենք», շեշտեց Քպէյսի: