Հայաստանի ծանրաբարձութեան տղոց ազգային խումբի անդամ, պատանեկան ողիմպիականի խաղերու ոսկի մետալակիր, աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Յակոբ Մկրտչեան աւարտեց իր արհեստավարժ ասպարէզը:
Հայաստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնի մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդեց այս լուրը` շնորհակալութիւն յայտնելով 28 տարեկան մարզիկին տարիներու իր նուիրումին եւ նշանակելի նուաճումներուն համար:
Յակոբ Մկրտչեան 2014-ին Նանկինի պատանեկան Ողիմպիական խաղերուն ոսկի մետալ շահած էր, 2019-ին աշխարհի ախոյեան դարձած էր, ինչպէս նաեւ 2019-ին եւ 2024-ին Եւրոպայի ախոյեան: