Դամասկոսի գիւղական նահանգի մը մէջ ներքին ապահովութեան ուժերու հրամանատար Ահմատ Տալաթի յայտարարեց. «Առնչակից միաւորները, ընդհանուր հետախուզութեան ծառայութեան հետ գործակցաբար, եւ ճշգրիտ հետապնդման ու աշխուժ գործողութիւններէ ետք յաջողեցան ձերբակալել Հըզպալլա միլիսին պատկանող բջիջ մը, որ Դամասկոսի արեւմտեան գիւղական Սահսահ եւ Քանաքեր գիւղերուն մէջ կը գործէր»: Լուրը հաղորդեց Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը:
Տալաթի նշեց. «Նախնական հետաքննութիւնները պարզեցին, թէ բջիջի անդամները մարզուած են լիբանանեան ճամբարներու մէջ եւ կը ծրագրէին սուրիական հողերուն մէջ կատարել գործողութիւններ, որոնք կը սպառնան քաղաքացիներուն անվտանգութեան ու կայունութեան»:
«Գործողութեան ընթացքին գրաւուեցան հրթիռներու արձակման հարթակներ, «Կրատ» տիպի 19 հրթիռներ, հակազրահապատ հրթիռներ, ինչպէս նաեւ անձնական զէնքեր ու բազմաթիւ տարատեսակ զինամթերք», ըսաւ ան:
«Թղթածրարը փոխանցուեցաւ առնչակից կողմերուն` իրաւական քայլերու որդեգրման համար, մինչ համապատասխան ծառայութիւններ կը շարունակեն կալանաւորուածներուն հետ հետաքննութիւնը` կապերու եւ նպատակներու ամբողջական բացայայտման համար», նշեց Տալաթի:
Հըզպալլա Կը Հերքէ
Հըզպալլայի տեղեկատուական գրասենեակը հաղորդագրութեամբ մը ամբողջովին հերքեց Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութեան հաղորդած «Դամասկոսի արեւմտեան գիւղական շրջանին մէջ ձերբակալուած տարրերու Հըզպալլայի անդամակցութեան վերաբերեալ ամբաստանութիւնները»:
Գրասենեակը վերահաստատեց «այն, ինչ որ նախապէս յայտարարեց, թէ սուրիական հողերուն վրայ որեւէ ներկայութիւն կամ գործունէութիւն չունի, եւ լիովին նախանձախնդիր է Սուրիոյ կայունութեան ու անոր ժողովուրդի անվտանգութեան նկատմամբ»:


