Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս 9 սեպտեմբերին այցելած է «Երեւան-կենտրոն» քրէակատարողական հիմնարկ եւ տեսակցած աւելի քան երկու ամիսէ անազատութեան մէջ գտնուող Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանին հետ:
Լուրը «Ազատութեան» հետ զրոյցին ընթացքին հաստատեց Մայր Աթոռի խօսնակ Եսայի քահանայ Արթենեան` նշելով, որ Գարեգին Բ. կաթողիկոսին ընկերակցած են Նաթան արք. Յովհաննիսեանը, Արշակ արք. Խաչատրեանն ու Մուշեղ եպս. Բաբայեանը:
Եսայի քահանայ Արթենեան յիշեցուց, որ վեհափառ հայրապետը նախապէս փափաք յայտնած էր այցելելու Միքայէլ եւ Բագրատ սրբազաններուն, ինչպէս նաեւ ազգային բարերար Սամուէլ Կարապետեանին, սակայն մերժուած էր:
Դատական նիստերէն մէկուն ընթացքին իշխանութիւնը զաւթելու կոչին համար մեղադրուող Միքայէլ սրբազանին պաշտպանը` Երէմ Սարգսեանը միջնորդած էր, որ անոր հետ տեսակցութեան սահմանափակումները մեղմացուին, եւ բացառեն միայն լրագրողներու հետ հանդիպումը: Փաստաբանը հիմնաւորած էր` սրբազանը ամուսնացած չէ եւ կը փափաքի հանդիպում ունենալ իր բարեկամներուն հետ: Դատաւորը ընդառաջած էր պաշտպանական կողմի այս միջնորդութիւնը:
Այցելութեան մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ չհաղորդուեցան, տրուած կարճ պատասխանին մէջ միայն նշուեցաւ, որ Մայր աթոռը խստօրէն կը դատապարտէ Միքայէլ եւ Բագրատ սրբազաններուն, ինչպէս նաեւ ազգային բարերար Սամուէլ Կարապետեանի նկատմամբ իրականացուող ապօրինի գործողութիւնները եւ պատուիրուած դատավարական գործընթացները:
Այս հանդիպումէն ետք կաթողիկոսը համատեղութեան կարգով ժամանակաւորապէս Շիրակի թեմի հոգեւոր տեսուչ նշանակեց Արթիկի թեմի առաջնորդը` անոր տալով առաջնորդական լիազօրութիւններ: