. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ անօդաչու թռչող սարք մը Շուֆ գաւառի Պարժայի եւ Ժիէի միջեւ գտնուող Զարութ շրջանին մէջ ինքնաշարժ մը հարուածեց:
. ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ դիւանագիտական աղբիւր մը` «Ասաս»-ին. «Իսրայէլի մէջ կարգ մը անձերու մօտ գոյութիւն ունի ուղղուածութիւն Լիբանանի մէջ Հըզպալլային հասցնելու 23 սեպտեմբեր 2024-ի հարուածներուն նման արագ հարուած մը` Իրանի հետ ճակատումին վերանորոգման դիմելէ առաջ իբրեւ կանխարգելիչ հարուած»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, Լեւոն ԺԴ. պապը Լիբանան պիտի այցելէ նոյեմբերի վերջին երկու օրերուն` Պէյրութ ժամանելով Պոլիսէն, ուր եկեղեցական առիթի մը պիտի մասնակցի:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնած են, թէ նախագահ Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի երկուշաբթի օրուան հանդիպումը նախորդներուն նման շատ բարեկամական եւ աւելի քան հոյակապ էր` աւելցնելով, որ այդ հանդիպումը ինքնաբերաբար, եւ թերեւս շտապ կերպով, իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ խորհրդարանի նախագահին ու վարչապետին միջեւ յարաբերութիւններուն վրայ:
. ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւր մը` քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Հինգ նախարարները, որոնք նախարարաց խորհուրդին վերջին նիստէն հեռացան, նշեալ նիստի ընթացքին իրենց կեցուածքը կապեցին իրենց նախկին կեցուածքին` բացատրելով, որ անիկա 5 օգոստոսի ժողովին շարունակութիւնն է»:
. ՄԵԾ պաշտօնատար մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին կը յայտնէ, թէ անցեալ ուրբաթ գումարուած նախարարաց խորհուրդի նիստին արդիւնքը երկրին մեծ ծառայութիւն մատուցեց եւ ձախողութեան մատնեց տագնապը շահագործողներուն նպատակը հարցերը դէպի ետդարձ չունեցող կէտ մղելու:
Մեծ հեղինակութիւն մը իր կարգին օրաթերթին յայտնած է.«Կը կարծեմ, թէ հարցերը 5 օգոստոսի նիստէն առաջուան իրավիճակին վերադարձան»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը` քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Գոյութիւն ունի արաբական ու միջազգային ուղղուածութիւն մը ապահովելու բանակին կարիքները, որպէսզի անոնք հիմնական խթան ըլլան իրականացնելու անոր ծրագիրը, որուն գործադրութիւնը առանց այդ աջակցութեան դժուարութիւն պիտի ունենայ»:
. ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ դիւանագիտական աղբիւրներ կը նախատեսեն յառաջ մղումը ֆրանսական նախաձեռնութեան, որուն նպատակը գումարումն է Լիբանանի համար երկու խորհրդաժողովներու` առաջինը բանակին աջակցութեան, իսկ երկրորդը` տնտեսական վերականգնման ու վերաշինութեան»:
. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւրներ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Զինադադարի հսկողութեան յանձնախումբի վերջին ժողովը, որուն ներկայ գտնուեցան ծով. Քուփըրն ու Օրթէյկըսը, յանձնախումբը դուրս բերաւ իր թմբիրէն եւ զայն մղեց իր աշխատանքը աշխուժացնելու ուղղութեամբ: Մօտ օրէն պիտի նշանակուի անոր նոր պետը, որ պիտի փոխարինէ ամերիկացի զօր. Մայքըլ Լինին»:
. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս Պէյրութի մէջ նախկին դեսպան Աշրաֆ Տապպուրէն պահանջեց Պէյրութէն հեռանալ, սակայն ան մերժեց: Ապպաս ունի այն մտավախութիւնը, որ Տապպուր Ֆաթհ շարժումի Լիբանանի Պաղեստինեան իշխանութեան քաղաքականութեան ընդդիմացող ղեկավարներուն հետ դերակատարութիւն մը ունենայ»:
. 95 եւ 98 օքթան պենզիններուն գիները բարձրացան 7000 լ.ո. եւ յաջորդաբար հասան 1.472.000 լ.ո.-ի եւ 1.512.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը բարձրացաւ 8000 լ.ո. եւ հասաւ 1.345.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը նուազեցաւ 11.000 լ.ո. եւ հասաւ 996.000 լ.ո.-ի:


