Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրիի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. «Պըրրիի Հետ Յարաբերութիւններու Խզում Չկայ» Հաստատեց Սալամ

September 10, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Հանդիպումէն ետք Սալամ յայտնեց, թէ կառավարութեան աշխատանքի մեկնակէտը Թաէֆի համաձայնագիրն է, որուն գործադրութիւնը ուշացաւ, եւ որ կը ներառէ պետութեան իշխանութեան լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ տարածումը:

Ան ըսաւ, որ կառավարութեան աշխատանքի ծրագիրը կը ճշդէ զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելն ու պատերազմի եւ խաղաղութեան որոշումին վերատիրացումը:

«Պըրրիի հետ որեւէ օր յարաբերութիւններու ուղղակի կամ անուղղակի խզում չէ եղած ու չկայ», հաստատեց Սալամ` նշելով, որ անոր հետ յարաբերութիւնները մնայուն են եւ ունին երկու բաժիններ` քաղաքական ղեկավարի եւ քաղաքական մեծ շարժումի պետի հետ կապեր, ինչպէս նաեւ օրէնսդիր մարմինի նախագահի հետ յարաբերութիւն:

Ան միեւնոյն ատեն ընդգծեց իշխանութիւններու անջատման սկզբունքին նկատմամբ իր նախանձախնդրութիւնը:

Պատասխանելով Հըզպալլայի կողմէ իր զէնքի յանձնումը մերժելու վերաբերեալ հարցումի մը` վարչապետը ըսաւ, որ կառավարութիւնը յանձնառու է իր աշխատանքային ծրագիրին, որուն հիմամբ երկու անգամ վստահութեան քուէ ստացաւ, ներառեալ` Հըզպալլայէն:

«Ամսական դրութեամբ պիտի հետեւինք բանակի ծրագիրին: Կառավարութիւնը զայն ողջունեց եւ զայն դրական կ՛ընկալէ», ըսաւ վարչապետը նշելով. «Որոշումներէն ետդարձ չկայ, այլ պիտի շարունակենք զանոնք գործադրել»:

Ինչ կը վերաբերի պաշտպանական ռազմավարութեան շուրջ ընթացող քննարկումին, Սալամ յայտնեց, որ կառավարութիւնը երբեք պաշտպանական ռազմավարութեան մասին չխօսեցաւ, այլ ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան մասին, որ կը ներառէ շարք մը կողմեր, եւ անիկա կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ նշուած յանձնառութիւն մըն է, որուն պատրաստութեան վրայ պիտի աշխատի կառավարութիւնը:

Վարչապետը շեշտեց, որ որոշումները բացառապէս սահմանադրական կառոյցներուն մէջ կը տրուին, եւ ոչ թէ` կողմնակի երկխօսութիւններու ճամբով:

Նախորդը

«Սաատ Հարիրի 12 Տարի Ճնշումներ Կրեց, Սակայն Չընդունեց Երկրին Մէջ Արիւն Թափել» Կ՛ըսէ Ռաատ

Յաջորդը

Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունի

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.