Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Սեպտեմբեր 9, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակը օդային յարձակումներ գործեց Հերմելի լեռնային շրջաններուն մէջ` արեւմտեան լեռնաշղթային վրայ, եւ երկու յարձակումներ հիւսիսային Պեքայի Զապուտի եւ Սապուպայի միջեւ գտնուող Նապի Մուսա շրջանի մերձակայքին վրայ:

Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի պնդեց, թէ իսրայէլեան օդուժը հարուածած է Պեքայի շրջանին մէջ Հըզպալլային պատկանող թիրախներ, որոնց շարքին` «Ռատուան» ուժի ճամբարներ, ուր Հըզպալլայի անդամներ նկատուած են, անոնք օգտագործուած են մարտական միջոցներու պահեստաւորման ու «ահաբեկիչներու մարզումի եւ վերակազմաւորման համար»:

.«ԺԱՏԻՏ». «Ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Իւ Լը Տրիան հինգշաբթի օր Լիբանան կ՛այցելէ»:

. «ԱՍԱՍ». «Հանրապետութեան նախագահին խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի եւ Հըզպալլայի հետ համակարգաբար վարչապետին վրայ ճնշումը առաջնորդեց կարգաւորման մը, որ վերջաւորութեան շիի նախարարներուն նիստէն հեռանալը չարգիլեց»:

. «ԱՍԱՍ»-ի տեղեկութեան համաձայն, Լիբանանեան ուժեր եւ Փաղանգաւոր կուսակցութիւններու նախարարները իրենցմէ գաղտնի գործարքի մը գոյացած ըլլալը զգացին: Այդ զգացումը իր գագաթնակէտին հասաւ, երբ լսեցին տեղեկատուութեան նախարարին Ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան մասին խօսքերը»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Ամերիկեան պատուիրակութիւնը զինադադարի հսկողութեան յանձնախումբին մէջ Լիբանանի ներկայացուցիչէն մանրամասն զեկուցում լսեց զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու բանակի ծրագիրին եւ մինչեւ հիմա իրագործուածին մասին»:

. ԱՂԲԻՒՐ մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատար ծով. Քուփըր ուշադրութեամբ մտիկ ըրաւ հանրապետութեան նախագահի պահանջին, թէ պէտք է ըլլան, թԷկուզ իր բռնագրաւած շրջաններէն մասնակի հեռացումով, իսրայէլեան փոխադարձ քայլեր, որոնք կ՛արտօնեն բանակի տեղակայման շարունակութիւնը»:

. ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Լիբանան կը յարգէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի եւ թշնամական արարքները դադրեցնելու համաձայնութեան նկատմամբ իր բոլոր պատասխանատուութիւնները, ինչպէս նաեւ նկատի կ՛ունենայ բոլոր կէտերը, որոնք հարաւային սահմանին վրայ հանդարտութիւնն ու կայունութիւնը եւ ներքին քաղաքացիական խաղաղութեան պաշտպանութիւնը կ՛երաշխաւորեն»:

. ԱՂԲԻՒՐ մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Բռնագրաւուած շրջաններէն իսրայէլեան հեռացումը կը տապալէ ընդդիմացող կողմին, այսինքն` Հըզպալլայի իր զէնքը բռնագրաւման գոյութեան պայմաններուն մէջ չյանձնելու պատրուակը, եւ պետութիւնը գործնականապէս կրնայ իր իշխանութիւնը տարածել լիբանանեան բոլոր շրջաններուն մէջ»:

. ԱՂԲԻՒՐ մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Իսրայէլ իր ամբողջական մերժումը յայտնեց ամերիկեան փաստաթուղթին, որ մշակուած էր իբրեւ թշնամական արարքները դադրեցնելու համաձայնութեան գործադրութեան համար ճկուն մեքանիզմ, ինչ որ հարաւային սահմանին վրայ կայունութեան եւ պատերազմի վերսկսման ուղղակի սպառնալիք է»:

. ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւրներ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Հարցերը դրական կերպով կ՛ընթանան` սպասելով պաղեստինեան գաղթակայաններու մէջ զէնքի յանձնման մեքանիզմի յստակացումին, իսկ Այն Հըլուէ գաղթակայանը վերջին փուլին պիտի ձգուի»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Պաղեստինեան ազգային անվտանգութիւնը ամբողջովին պատրաստ է գաղթակայաններու մէջ անվտանգութեան հսկելու, ինչպէս նաեւ ամբողջովին պատրաստ է լուծելու որեւէ խնդիր, որ կրնայ յառաջանալ, մինչ լիբանանեան պետութեան հետ անոր ուղղակի համակարգումը կը շարունակուի»:

. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Լիբանան Իսրայէլի վրայ ամերիկեան ճնշումին արդիւնքներուն կը սպասէ, մանաւանդ որ ամերիկեան պատուիրակութիւնը խոստացաւ Իսրայէլի հետ հաղորդակցութիւնները աշխուժացնել, որպէսզի կատարէ քաջալերական քայլեր` հեռանալ սկսելով»:

Նախորդը

2026-ի Մոնտիալի Զտում. Այսօր` Հայաստան – Այիր. Գերմանիա, Սպանիա Եւ Նետերլանտներ Յաղթեցին

Յաջորդը

Ֆայիատ. «Ազգային Շահը Կը Պահանջէ Ջնջել 5 Եւ 7 Օգոստոսի Որոշումները»

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?